Այս տա­րի Հա­լէ­պի ծի­րա­նը առատ է եւ հիւ­թեղ, սա­կայն նո­րու­թիւն կ’ըլ­լա՞յ եթէ ըսեմ որ միր­գի իս­կա­կան բնօր­րա­նը մեր հայ­րե­նիքն է։ Ինչ­պէս Արա­րատ­եան դաշ­տին մէջ աճող եւ կար­միր ներ­կի հա­մար օգ­տա­գոր­ծուող  որ­դան մի­ջա­տը, նոյն­պէս ալ ծի­րա­նը ան­վա­րան կա­րե­լի է յայ­տա­րա­րել բնիկ հայ­կա­կան։ Հե­տաքրք­րա­կան է, թէ լա­տի­նե­րէ­նի մէջ ծի­րա­նը կը կոչ­ուի «Armeniaca», այ­սինքն՝ հայ­կա­կան միրգ։ Հայ գեղ­ջու­կի «Հո­ռո­վել»ին չափ հի­նուց երգ­ուած է Ջիւանիի «Ես մի ծառ եմ ծի­րա­նի»ն, ուր կը յիշ­ուի, թէ ծի­րա­նե­նին հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի տա­րած­քին ու­նի 4000 տար­ուան պատ­մու­թիւն։
Հին ժա­մա­նակ­նե­րուն ծի­րա­նը հա­րուստ թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նիք­նե­րուն վա­յել ու հա­ճե­լի պտուղն էր։ Թե­րեւս այս պատ­ճա­ռով ալ թա­գա­ժա­ռանգ­նե­րուն կրած կար­միր թիկ­նո­ցը կոչ­ուած է «ծի­րա­նի»։
Ամրան գա­լուս­տը աւե­տող այս միր­գը իս­կա­պէ՛ս օգ­տա­շատ է, ու­նի նա­եւ բու­ժիչ յատ­կու­թիւն։ Հա­մա­ձայն վեր­ջերս կա­տար­ուած ու­սում­նա­սի­րու­թեան մը, ծի­րա­նի կո­րի­զը կ’օգ­տա­գործ­ուի հա­կա­քաղց­կե­ղա­յին դե­ղո­րայ­քի պատ­րաստ­ման ըն­թաց­քին։ Փա­քիս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին սահ­մա­նին վրայ, Հի­մա­լայ­եան լեռ­նե­րու լան­ջին ապ­րող Հուն­զա­նե­րը եր­կա­րակ­եաց ժո­ղո­վուրդ են, անոնք կ’ապ­րին մին­չեւ 140 տա­րի։ Գաղտ­նի­քը ըսե՞մ, ծի­րա­նի կո­րիզ­նե­րու առատ օգ­տա­գոր­ծու­մը իրենց սնն­դա­կա­նո­նին մէջ։
Բայց գի­տէի՞ք, թէ յատ­կա­պէ՛ս ծի­րա­նի ծա­ռի տախ­տա­կով կը պատ­րաստ­ուի հայ­կա­կան հրաշք նուա­գա­րա­նը՝ տու­տու­կը։ Աշու­ղա­կան եր­գե­րու համն ու հոտն է կրկ­նա­կի եղէ­գով պատ­րաստ­ուած այս փո­ղա­յին նուա­գա­րա­նը, որ կը կոչ­ուի նա­եւ ծի­րա­նա­փող։ Աւե­լի ուշ, անոր տար­բե­րակ­նե­րը  յայտ­նա­բեր­ուած են Կով­կա­սի եւ Մի­ջին Արե­ւել­եան եր­կիր­նե­րու մէջ։
Հայ­կա­կան տու­տու­կի ու երաժշ­տու­թեան պատ­մու­թիւնը նոյն­քան հին են, որ­քան  Տիգ­րան Մե­ծի գա­հա­կա­լու­թիւնը (Քա. 95-55 թուա­կան­ներ)։Այս նուա­գա­րա­նի մա­սին յի­շա­տա­կու­թիւն կայ նոյ­նիսկ Մի­ջին դա­րե­րու հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րուն մէջ։ Աշ­խար­հահռ­չակ եր­գա­հան Եաննիի յայ­տա­րա­րու­թեամբ, տու­տու­կը բո­լոր նուա­գա­րան­նե­րուն մէջ ամէ­նէն հայ­կա­կանն է ու հայ ժո­ղո­վուր­դի նե­րաշ­խար­հի լի­ի­րաւ թարգ­մա­նը։ Տու­տու­կը հա­յու ոգիի ձայնն է։ Այս մա­սին հայ մեծ եր­գա­հան Արամ Խա­չա­տուր­եան եւս կը վկա­յէ. «Տու­տու­կը մի­ակ երաժշ­տա­կան գոր­ծիքն է, որ կը յու­զէ նե­րաշ­խարհս»։
Ցա­ւօք, այս օրե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դը գու­ժեց վար­պետ տու­տու­կա­հար եւ հա­մաշ­խար­հա­յին մր­ցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած անձ­նա­ւո­րու­թեան մը՝ Ջիւան Գաս­պար­եա­նի մա­հը։ Շատ յա­ճախ անոր կա­տա­րո­ղու­թեամբ,  հայ­կա­կան տու­տու­կի երաժշ­տու­թիւնը լսե­լի դար­ձած  է յայտ­նի շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու մէջ, ինչ­պէս՝ «Gladiator, 2000» «Avatar, 2009», «Արա­րատ,2002», «The Passion of Christ, 2004», «Մայ­րիկ, 1991», «Troy, 2004» եւ այ­լուր։
Յար­գանք վաս­տա­կիդ, լոյս շի­րի­միդ, ան­զու­գա­կա՛ն վար­պետ։
2005 թուա­կա­նին UNESCO-ն հայ­կա­կան տու­տու­կը յայ­տա­րա­րեց որ­պէս մարդ­կու­թեան ոչ-նիւ­թա­կան ժա­ռան­գու­թեան գլուխ գոր­ծո­ցը։
Սիւզի Խշուաճեան