Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին ի տես, չէի կր­նար ան­ձայն անց­նիլ եւ չար­ձա­նագ­րել հե­տեւ­եալ մտա­ծում­նե­րը։
Այս­պէս, խորհր­դա­րա­նա­կան  ընտ­րու­թեան գի­տա­կան, վի­ճա­կագ­րա­կան եւ հե­տա­զօ­տա­կան բո­լոր կան­խա­տե­սում­նե­րու կա­րե­լի ար­դիւնք­նե­րը, վս­տահ  բախ­տա­գու­շա­կի (Պա­խըմ­ճի) գոր­ծի չէ­ին նմա­ներ։ Որոշ գի­տա­կան ար­ժե­չա­փեր կան, որոնց ներ­քեւ կը ձե­ւա­ւոր­ուին այդ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Նա­եւ, եկէ՛ք ըն­դու­նինք, որ ամէն մէկ հե­տա­զօ­տա­կան-վեր­լու­ծա­կան հաս­տա­տու­թիւն, այդ­քա՜ն ալ ան­կողմ­նա­կալ կամ անա­չառ չըլ­լար իր մօ­տե­ցում­նե­րուն մէջ, հաշ­ուի առ­նե­լով զինք հո­վա­նա­ւո­րող պե­տու­թեան կամ մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­ննե­րու «ճա­շա­կով» ներ­կա­յաց­նե­լու տու­եալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը-ուր­ուագ­ծում­նե­րը։
Սա­կայն, չկայ օրի­նակ մը քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ, ուր գի­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով ընտ­րա­կան կան­խա­տե­սում­նե­րու թիւերն ու տո­կոս­նե­րը, իրա­կա­նաց­ուած եղե­լու­թեան մը պատ­կե­րէն մեծ տար­բե­րու­թիւն ար­ձա­նագ­րէ­ին՝ յաղ­թա­կան հռ­չա­կուող կող­մին ի նպաստ։ Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, բո­լոր կան­խա­տե­սում­նե­րը կը խօ­սէ­ին աւե­լի մօտ եւ մր­ցու­նակ թիւե­րու մա­սին, պայ­քա­րող քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան եր­կու խմ­բա­ւո­րում­նե­րու մի­ջեւ:
Անձ­նա­պէս հրա­պա­րա­կա­յին իմ ելոյթ­նե­րով, ջա­տա­գո­վը չեմ եղած վար­չա­պե­տի աթո­ռը զբա­ղեց­նող անձ­նա­ւո­րու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Սա­կայն, հե­տե­ւե­լով գետ­նի վրայ զար­գա­ցում­նե­րուն եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան «նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու ճա­շա­կի» վար­կա­ծին՝ զս­պե­լով մէջս հա­մե­ցող անձ­նա­կան հա­կու­մնե­րը, հա­ւա­նա­կան կը տես­նէի քա­նի մը տո­կո­սով առա­ւել ար­ձա­նագ­րե­լու պատ­կեր մը՝ իշ­խող ու­ժին ի հա­շիւ։ Կան­խա­տես­ուած կա­րե­լի այդ ար­դիւն­քը, ամե­նե­ւին Փա­շին­եա­նին ու իր ներ­կա­յա­ցու­ցած խում­բին կա­րե­լիու­թիւն պի­տի չտար ձեռք բե­րե­լու մե­ծա­մաս­նու­թիւն եւ կազ­մե­լու  կա­ռա­վա­րու­թիւն։ Բո­լոր լուրջ հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րը կը տես­նէ­ին ընտ­րու­թեան երկ­րորդ փու­լի ան­խու­սա­փե­լի հանգր­ուան մը, ուր պի­տի վճռ­ուէր այս ար­տա­հերթ ընտ­րու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը։
Պէտք է ըն­դու­նինք մէկ իրա­կա­նու­թիւն, որ այս ամէ­նուն մէջ փա­շին­եա­նա­կան «Պա­խըմ­ճի»նե­րը ճիշդ դուրս եկան իրենց մե­ծա­խօ­սի­կութ­եամբ։ Աճ­պա­րա­րի մը բո­լոր հնարք­նե­րը ի գործ դր­ուե­ցան եւ շին­ծու իրա­կա­նու­թեան մը ար­դիւնք­նե­րը կուպ­րով կր­կին զար­դա­րե­ցին շատ գո­վերգ­ուած հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պաս­տա­ռը։
Gallup-ի նման հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին բո­լոր լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րը ի դե­րեւ ելան։ Ի տես յա­յտա­րար­ուած պաշ­տօ­նա­կան թիւե­րուն, պէտք է հարց տալ անոնց, թէ իրենց քա­ղած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը որ­քա­նո՞վ հա­ւաս­տի են եւ Եր­կիր մո­լո­րա­կի աղ­բիւր­նե­րէ սնա­նծ։ Վեր­ջա­պէս, նուազ կամ առա­ւել չա­փով այդ տո­կոս­նե­րու տրա­մա­բա­նա­կան տա­րու­բե­րում­նե­րը պէտք է բա­ցատ­րել ու հասկ­նալ, մտա­հան չը­նե­լով այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը հո­վա­նա­ւո­րող կող­մե­րու եր­բեմն թա­քուն, եր­բեմն ա՛լ յա­կա­նէ յան­ուա­նէ հաս­ց­է­ագր­ուած էու­թիւնը։
Այլ հան­գա­մանք­նե­րու վրայ պի­տի չկեդ­րո­նա­նամ եւ միայն այս առար­կու­թեամբ պի­տի փոր­ձեմ հայ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տը դարձ­նել տու­եալ երե­ւոյ­թը։ Այդ մէկն ա՛լ ընդգ­ծեմ, որ հրա­շա­գոր­ծու­թեան հա­ւա­տա­ցող չեմ, որ­պէս­զի նաե՛ւ տես­նեմ ընտ­րու­թեան վեր­ջին օր­ուան մէջ Աստ­ուա­ծա­յին մի­ջամ­տու­թիւն, Հո­գե­գալստ­եան Pentecoste օր­ուան նման բնա­զան­ցա­կան ազ­դու հնարք, հա­մայն ընտ­րա­զան-գ­ուա­ծը իր քուէն ուղ­ղոր­դե­լու Փա­շին­եա­նի հաշ­ւոյն, որուն ար­դիւն­քով առ­կայ  իշ­խա­նու­թիւնը ստա­ցաւ «շռն­դա­լից յաղ­թա­նա­կի» յայ­տա­րար­ուած այս պատ­կե­րը։
Եթէ տրա­մա­բա­նա­կան թիւե­րով խօս­ուէր ու ներ­կա­յաց­ուէր մր­ցու­նակ պատ­կե­րի մօտ ար­դիւնք­ներ, գլուխ պի­տի խո­նար­հեց­նէի «ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին առաջ» եւ բարձ­րա­ձայն պի­տի աղա­ղա­կէի՝ «ձայն բազ­մաց, ձայն Աս­տու­ծոյ»։
Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին հս­կող մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րը եկան վկա­յե­լու ար­դիւնք­նե­րուն վա­ւե­րա­կա­նու­թեան մա­սին։ Վե­րեւ մատ­նան­շած նոյն հար­ցադ­րում­ներս իրենց ա՛լ ուղ­ղե­լով կու գամ հաս­տա­տե­լու, որ լե­ռը որո­տաց, բայց մուկ ծնաւ: Իսկ Ջիւա­նի բա­ռե­րով պի­տի ըսէի՝ «յղի է, ծնե­լու մօտ է, գո­ռում է սա­րը ահա­գին, Տայ Աստ­ուած, որ ծնի առիւծ եւ ոչ փոք­րիկ մի մուկ չն­չին»։ Չեմ ու­զեր այս բա­ռե­րով նսե­մաց­նել Փա­շին­եա­նի ան­ձը, սա­կայն տրա­մա­բա­նու­թեանս մէջ, կ’ու­զեմ ար­դա­րաց­նել  հո­ղատ­ուի կեղծ եւ շին­ծու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով պա­տե­րազմ ղե­կա­վա­րո­ղի եւ մա­հա­ցու մեղ­քե­րու մէջ թաթխ­ուած առաջ­նոր­դի կեր­պա­րին «շռն­դա­լից վե­րընտ­րու­թեան» հան­գա­ման­քը։
Մեղ­քը չեմ ու­զեր բար­դել այն խեղ­ճա­ցած զանգ­ուա­ծին վրայ, որ միայն իր կուշ­տին «տար­տով» կ’ապ­րի: Հար­ցը այդ ստր­կա­ցած զանգ­ուա­ծէն ա՛լ ան­դին է։ Ամէն գնով իշ­խա­նու­թիւն պա­հե­լու մո­լուց­քին մէջ պէտք է տես­նել բա­ցա­կայ օղա­կը: Անոնց մէջ, որոնք չար­դա­րա­ցու­ցին անա­րիւն յե­ղա­փո­խու­թեան լո­զունգ­նե­րը, հաշ­ուե­տութ­եան եւ ար­դար հա­մա­կար­գի գե­րիշ­խա­նութ­եամբ օժ­տե­լու «նոր Հա­յաս­տա­նը»:
Քա­ղա­քա­կան տուայ­տա­ցող դաշ­տը կը սպա­սէր, որ ազ­գի ճակ­տէն պար­տուո­ղա­կա­նու­թեան խա­րա­նը մաքր­ուէր եւ դէմ յան­դի­ման կանգ­նէ­ինք քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան դի­մաց՝ ճա­կա­տա­բաց, առանց ամօ­թի բար­դոյ­թի։
Գա­լիք օրե­րը դի­մա­կա­յենք ամե­րի­կա­ցի գրող Օկ­տաւ­իա Պաթ­լը­րի այս յա­րիր մտա­ծում­նե­րով՝ «Ընտ­րե­ցէ՛ք ձեր ղե­կա­վար­նե­րուն իմաս­տութ­եամբ եւ նա­խամ­տած­ուա­ծու­թեամբ: Վախ­կո­տով առաջ­նորդ­ուի­լը կը նշա­նա­կէ՝ վե­րահսկ­ուիլ այն ամէ­նով, որ­մէ վե­հե­րո­տը կը վախ­նայ: Յի­մա­րով առաջ­նորդ­ուի­լը կը նշա­նա­կէ՝ առաջ­նորդ­ուիլ յի­մա­րին վե­րահս­կող պա­տե­հա­պաշտ­նե­րու կող­մէ: Գո­ղի մը կող­մէ առաջ­նորդ­ուի­լը կը նշա­նա­կէ մա­տու­ցել ձեր ամե­նա­թանկ գան­ձե­րը գող­ցո­ղին: Ստա­խօ­սի կող­մէ առաջ­նորդ­ուի­լը կը նշա­նա­կէ նա­եւ ստե­լը ըն­դու­նիլ: Բռ­նա­պե­տի կող­մէ առաջ­նորդ­ուիը կը  նշա­նա­կէ՝ ստր­կու­թեան վա­ճա­ռել ինքդ քեզ եւ այն բո­լո­րը զորս կը սի­րէք»:
Իրե­րու դա­սա­ւո­րու­մով, որոնց մէջ մի­ջազ­գա­յին մութ ու­ժեր իրենց փա­յը ու­նէ­ին, սու­տի եւ կեղ­ծի­քի նոր զա­ւեշ­տա­կան արար մըն ա՛լ այս­պէս լրու­մին հա­սաւ։ Յու­սանք այս ձե­ւա­կեր­պու­մը հայ ազ­գի պատ­մու­թեան էջե­րուն մէջ մու­րով ար­ձա­նագր­ուած վեր­ջին եղե­լու­թիւնը կ’ըլ­լայ։
Սպա­սե­լով ոս­կե­տառ յաղ­թա­կան նուա­ճում­նե­րու, որոնք հպար­տու­թեամբ պի­տի ար­ձա­նագր­ուին պատ­մու­թեան մատ­եան­նե­րուն մէջ: Պինդ մնա­ցէ՛ք։
Թորոնթօ-  27 Յունիս 2021
Ժան Հալլաճեան