27 Սեպ­տեմ­բեր 2020 – 20 Յու­նիս 2021, ապ­րե­լէ ետք հայ ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան ամէ­նէն դժն­դակ մէկ եղե­լոյ­թը, պէտք էր ամ­փո­փէի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, սե­փա­կան կշ­ռա­դա­տում­ներ կա­տա­րե­լու եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներս ազ­գա­յին գո­յեր­թով մտա­տանջ հա­յոր­դի­նե­րուն հետ բաժ­նեկ­ցե­լու:
Խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն, 1915-ի Ապ­րի­լի 24-ով յի­շա­տա­կուող Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­րա­գոյն արա­րը ապ­րե­ցանք 20 Յու­նիս 2021-ին, երբ ազատ, ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող եւ արա­րող ժո­ղո­վուր­դի, պար­տա­ւոր եմ ըսել, «զա­ւակ­նե­րը», իրենց քուէ­նե­րով, ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն դար մը ետք, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան հա­մար, վե­րար­տադ­րե­ցին թուր­քը գոր­ծա­կից հա­մա­րող այն մտայ­նու­թիւնը, որ վեր­ջին երեք տա­րի­նե­րուն, ծրագր­եալ կեր­պով ապազ­գայ­նա­ցուց Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւնը, խախ­տե­լով անոր բո­լոր կռ­ուան­նե­րը:
 
Դար մը առաջ, սպան­ուած էր հա­յուն մար­մի­նը, իսկ հի­մա, հա­յուն ձեռ­քով, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան շղար­շին տակ, կ’ոչն­չաց­ուի ցե­ղաս­պան­ուած ազ­գի ու անոր ար­դար իրա­ւուն­քի պա­հան­ջա­տէ­րնե­րու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը, որուն շնոր­հիւ, այդ ժո­ղո­վուր­դը վե­րապ­րած էր այս­քան տա­րի­ներ, փո­խան­ցե­լով զայն սե­րուն­դէ սե­րունդ:
Այս է վա­տա­գոյ­նը Յու­նիս 20-ի «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան», ապա թէ ոչ «Ցե­ղաս­պան Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» ըսե­լով նոր եզ­րոյթ մը ստեղ­ծե­լու տրա­մադ­րու­թիւնը բնաւ չու­նէ­ինք, եթէ հայ­կա­կան ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան փո­խա­րէն, չու­նե­նա­յինք իշ­խա­նու­թեան կող­մէ պա­տան­դի վե­րած­ուած պե­տու­թիւն, ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­ծած չըլ­լա­յին ազ­գը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան փո­խա­րէն՝ չտի­րէր ամ­բո­խա­վա­րու­թիւնը, փո­խան գի­տու­թեան ան­գի­տու­թեամբ չար­մա­տա­նար չա­րա­բա­նու­թիւնը, եթէ չու­նե­նա­յինք դա­ւա­ճան­ուած հայ­րե­նիք, յանձ­նուո­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան աղա­ւա­ղում եւ վեր­ջա­պէս, եթէ պահ­ուած ըլ­լար ազա­տագր­ուած Ար­ցա­խը:
ՀՀ գոր­ծա­դի­րը հան­դի­սա­ցո­ղը ինք­նան­պա­տակ եւ օտա­րա­մուտ քա­ղա­քա­կան հաշ­ուարկ­նե­րով, պե­տու­թիւնը իշ­խա­նու­թեան ծա­ռա­յեց­նե­լու խար­դա­ւանք­նե­րով պէտք չէ կա­րե­նայ խլել գա­լիք սե­րունդ­նե­րէն հայ ազ­գա­յին իտ­է­ա­լի իրա­կա­նաց­ման կա­րե­լիու­թիւնը:
Ազ­գա­յին ինք­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի հա­մազ­գա­յին մեծ գործ ու­նինք կա­տա­րե­լու:
Նա­հա­տա­կու­թեամբ գծ­ուած աշ­խար­հագ­րու­թիւնը եւ գր­ուած պատ­մու­թիւնը պա­տուով պա­հե­լու եւ զա­նոնք աւան­դե­լու մար­տահ­րա­ւէրի առ­ջեւ կը գտն­ուինք այ­սօր ազ­գո­վին:
Գրիգոր Տունկեան