Կազմակերպութեամբ Սուրիական Արաբ Աւետարանական եկեղեցւոյ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հա­լէ­պի մէջ գործող 22 միու­թիւն­նե­րու, Շա­բաթ, 3 Յու­լիս 2021-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մոզայիք» նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը:

Նկատի առած, որ հայ համայնքն ալ Հա­լէ­պի ժողովուրդին ան­բա­ժան մաս­նիկն է, 2 միու­թեամբ հա­լէ­պա­հա­յերն ալ իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին:

Ասիկա առիթ եղաւ որ մենք ալ մաս­նակ­ցինք ու նոր գաղափարներու հաղորդակից դառնանք։

Մե­զի նախ­ապէս ըս­ուած էր, որ պի­տի ար­ծարծ­ուին հո­գե­բա­նա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան զա­նա­զան նիւ­թեր։ Կը կարծէինք, որ կլոր սե­ղա­նի մը շուրջ պի­տի նս­տինք եւ իւ­րա­քան­չիւր միու­թիւն իր կար­ծի­քը պի­տի յայտ­նէ նիւ­թե­րուն մասին: Սա­կայն մե­զ բաժ­նեցին ու­թը խում­բե­րու, իւրաքանչիւր խում­բի մէջ կա­յին զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րէ անհատներ։ Բնականաբար նպա­տակը իրար ծա­նօ­թա­նալն ու միու­թիւն­նե­րու միջեւ կապ ստեղծ­ելն էր: Զրոյ­ցը ըն­թա­ցաւ ռալլիի մի­ջո­ցով, իւ­րա­քան­չիւր խումբ այ­ցե­լեց 4 տա­ղա­ւար ու ներկայացուած հա­նե­լու­կը հանգուցալուծելէ ետք զրու­ցեց նիւ­թին շուրջ:

Խօ­սե­ցանք կնոջ հան­դէպ բր­տու­թեան կիրարկման, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան, տգի­տու­թեան, վարք ու բար­քի, երի­տա­սար­դու­թեան ու կնոջ դե­րին եւ ըն­կե­րա­յին զանազան նիւ­թե­րու մա­սին: Զար­մա­ցած էինք եւ ու­րախ, որ այս­պի­սի նիւ­թե­րու սկ­սած ենք անդ­րա­դառ­նալ Սուր­իոյ մէջ։ Արաբ­ մասնակիցները զար­գա­ցած էին ու հա­մար­ձա­կօ­րէն կ՚ար­տա­յայտէին իրենց կար­ծի­քը: Երախտապարտ էինք, որ հա­յերուս ալ առիթ ընծայուած էր ու մեր ձայնն ալ լսե­լի էր:

Զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին տիրող մթնոլորտը հա­ճե­լի էր։ Բո­լո­րը կը լսէ­ին զի­րար, բո­լո­րը կը յար­գէ­ին միմ­ի­անց կար­ծիք­ը: Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ անդ­րա­դար­ձանք, որ կր­նանք միասնաբար զար­գա­նալ, նոր մտքեր յառաջ բերել մաս­նակ­ցե­լով այս­պի­սի ձեռնարկնե­րու, նպաս­տե­լով մեր ընկերութեան յառաջընթացին եւ փոխհասկացողութեան դրական մթնոլորտ ստեղծել:

 

Անժելա Չաղլասեան