«Էր­մէ­նի­հա­պեր»  յայտ­նեց, որ Թուրք­իոյ մէջ ան­տա­ռա­յին հր­դեհ­նե­րը կլա­նե­ցին 23 նա­հանգ­ներ: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ շիջման աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­դիւն­քով վե­րահս­կո­ղութ­յան տակ առն­ուած է երկ­րի 47 նա­հանգ­նե­րուն մէջ բռն­կած 241 հր­դե­հի օջախ­նե­րէն 235-ը: Ներ­կա­յիս շա­րու­նա­կուող 6 հր­դե­հի օջախ­ներն ալ կը գտն­ուին երկ­րի հա­րա­ւա­րեւմտ­եան Մուղ­լա ծո­վափն­եայ հանգս­տա­վայ­րա­յին նա­հան­գին մէջ:
Վնա­սի գնա­հատ­ման ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րէն  պարզ­ուած է, որ հր­կիզ­ուած է ընդ­հա­նուր առ­մամբ 83.810 հեկ­տար ան­տա­ռա­ծածկ տա­րածք: Այրած են հա­զա­րա­ւոր ըն­տա­նի եւ վայ­րի կեն­դա­նի­ներ, հա­րիւ­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ կորսն­ցու­ցած են իրենց տու­նե­րը: Այ­րած են նա­եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­ներ՝ դպ­րոց­ներ, մզ­կիթ­ներ եւ այլն, զոհ­ուած է 8 մարդ: Վնաս­նե­րու ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը տա­կա­ւին ամ­բող­ջա­կան չէ:
Հր­դե­հի օջախ­նե­րու մար­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն  մէջ առայժմ ներգ­րաւ­ուած են 15 հր­շէջ ինք­նա­թիռ, 64 ուղ­ղա­թիռ, 9 անօ­դա­չու թռ­չող սարք, 1 անօ­դա­չու ուղ­ղա­թիռ, շուրջ 850 հր­շէ­ջա­յին գոր­ծիք­ներ եւ 5200 հր­շէջ: