Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հայաստանը մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հայկական զինեալ ուժերու անձնակազմի անօրինական տեղակայման համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է: «Վերջին օրերուն կը նկատուին Հայաստանի կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումով, իր զինեալ ուժերու անձնակազմի վերատեղակայման դէպքեր ատրպէյճանական տարածքներու մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը, ինչպէս նաեւ Մուխթարքանդ (Մխիթարաշէն), Շուշաքենդ (Շոշ) բնակավայրերու, Քելբաջարի (Քարվաճառ) եւ Լաչինի (Բերձոր) շրջաններու վարչական սահմաններու արեւելեան ուղղութեամբ գտնուող տարածքներու մէջ հայկական նոր զինուորական դիրքերու ստեղծում», նշուած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան 11 Օգոստոսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը, եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն համապատասխան, պէտք է վերջ տան ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ, ուր իրենք ժամանակաւորապէս տեղակայուած են, Հայաստանի զինեալ ուժերու տեղակայման դէպքերուն», ըսած է Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: