11 Օգոստոսին, Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ քաղաքական մեծամասնութիւնը չի կրնար որոշել, թէ ընդդիմութիւնը ինչպէ՛ս եւ ինչպիսի՛ ելոյթներ պէտք է ունենայ, իսկ ԱԺ-ի նախագահը պարտաւոր է իր դերին մէջ մնալու: «Ալէն Սիմոնեան պէտք է կողմնորոշուի` ինքը ՔՊ վարչութեան անդա՞մ է, թէ` ԱԺ-ի նախագահ: Պատգամաւորներուն հետ որեւէ մէկը իրաւունք չունի նման ձեւով խօսելու: Մենք պիտի տանք քաղաքական արժեւորում, իսկ քաղաքական մեծամասնութիւնը պէտք է համակերպի անոր հետ, պէտք է նստին ու լսեն այդ արժեւորումները», ըսաւ Սաղաթէլեան: Ընդդիմադիր պատգամաւորը մտահոգութիւններ ունի, որ իշխանութիւնները կը պատրաստուին նոր զիջումներու, որոնք անոնց բնորոշումով, ձեռքբերում, տարածաշրջանի մէջ հաշտութիւն հաստատելու ուղղուած քայլ է, բայց ըստ Սաղաթէլեանին, ան պիտի ըլլայ Հայաստանի պետականութեան կործանման ուղին: «Մեր ժողովուրդը կը մոլորեցնեն, հիմա ալ սկսած են նոր պատերազմով վախցնել: Կ’ըսէին` այլեւս խաղաղութիւն պիտի հաստատուի, բայց պատերազմէն անցած է 9 ամիս, մենք դարձեալ զոհեր ու գերիներ կ’ունենանք, թշնամին օրէ օր կը մօտենայ, մեր հասարակութիւնը պէտք է աչքերը բանայ ու տեսնէ, թէ որու հետ գործ ունի», ըսաւ ան: Սաղաթէլեան ԱԺ–ի մէջ իրականացուող զօրացած ծառայութեան բացատրութիւն կու տայ, որ իշխանութիւնները կը սարսափին. «Անոնք գիտեն ինչ կատարած են ու հաւանաբար կը պատկերացնեն, թէ ուր պիտի երթան, այսպիսով կը բացատրեն անոնց համատարած վախը»: