«Երկիր».-12 Օգոստոսի գիշերը Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները Արցախի Հանրապետութեան արեւմտեան բաժինին մէջ փորձած են հատել արցախա-ատրպէյճանական հակամարտող զօրքերու շփման գիծը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Պաշտպանութեան Բանակը: Պաշտպանութեան Բանակի հակազդող գործողութիւններուն հետեւանքով փորձը կանխուած է, հակառակորդը ետ շպրտուած է ելման դիրքեր: Հայկական կողմէն կորուստներ չկան: Ատրպէյճանական կողմի սադրանքին մասին անյապաղօրէն տեղեկացուած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութիւնը: