Յու­նաս­տա­նի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը նա­մակ յղած է Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Տենտ­ի­ա­սի՝ բո­ղո­քե­լով Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նին դէ­պի բռ­նագ­րաւ­ուած Շու­շի կա­տա­րած քա­րոզ­չա­կան պտոյ­տին մա­սին: Պտոյ­տը կազ­մա­կեր­պած էր Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ար­ձա­գան­գեց՝ ան­հա­մո­զիչ ար­դա­րա­ցում­ներ բե­րե­լով դես­պա­նի ահա­ւոր վար­քա­գի­ծին մա­սին:
Ահա՛ թէ ինչ գրած է Յու­նաս­տա­նի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, 12 Յու­լի­սին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տենտ­ի­ա­սի ուղղ­ուած նա­մա­կին մէջ. «Մենք զար­մա­ցած էինք, բայց նա­եւ շատ վշ­տա­ցած՝ իմա­նա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ Յու­նաս­տա­նի դես­պան պա­րոն  Նի­քո­լա­յոս Փի­փե­րի­կո­սի՝ Ալի­ե­ւի վար­չա­կար­գի կազ­մա­կեր­պած սադ­րիչ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան բե­րած մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին…: Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, ինչ­պէս նա­եւ Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քը ամ­բող­ջու­թեամբ, իրենց խիստ դժ­գո­հու­թիւնը կը յայտ­նեն այս ծաղ­րեր­գու­թեան՝ մեր երկ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին մաս­նակ­ցու­թեան առի­թով: Դուք քա­ջա­տեղ­եակ էք, որ Ատր­պէյ­ճան, հա­ւա­տար­մօ­րէն ըն­դօ­րի­նա­կե­լով իր դաստ­ի­ա­րա­կին (Թուրք­իոյ) վար­քա­գի­ծը, կոպ­տօ­րէն կը խախ­տէ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րը: Ո՞րն է ճգ­նա­ժա­մա­յին այս պա­հուն Յու­նաս­տա­նի կող­մէ ցու­ցա­բեր­ուած աջակ­ցութ­եան նպա­տա­կը»:
Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տենտ­ի­աս պա­տաս­խա­նեց 27 Յու­լի­սին, այս­պէս. «Յու­նաս­տան պատ­մա­կան եւ բա­րե­կա­մա­կան բա­զում տա­րի­նե­րու գե­րա­զանց կա­պեր կը պահ­պա­նէ Հա­յաս­տա­նի հետ։ Հա­յաս­տա­նի հա­մար դժ­ուար ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, Յու­նաս­տան կանգ­նե­ցաւ հա­յոց երկ­րի եւ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին։ Ես ան­ձամբ՝ 16 Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին, այ­ցե­լե­ցի Երե­ւան՝ փո­խան­ցե­լով զօ­րակ­ցու­թեան պատ­գամ, այն պա­հուն, երբ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ծա­ւա­լած էին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քին մէջ։ Նա­եւ, ըն­դա­ռա­ջե­լով մեր երկ­րին մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դի­մու­մին, Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թեան Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման ծա­ռա­յու­թեան հա­մադ­րու­մով, Յու­նաս­տան իրա­գոր­ծեց մար­դա­սի­րա­կան եր­կու առա­քե­լու­թիւն­ներ (բժշ­կա­կան  պի­տոյք­ներ  եւ սնունդ), որոնք կա­տար­ուե­ցան 12 Դեկ­տեմ­բեր 2020-ին եւ 8 Յուն­ուար 2021-ին՝ ցոյց տա­լով գործ­նա­կան աջակ­ցու­թիւն եւ զօ­րակ­ցու­թիւն։ Մի­ա­ժա­մա­նակ, ինչ­պէս յայտ­նի է, 1992-էն ի վեր Յու­նաս­տան դիւա­նա­գի­տա­կան կա­պեր  ու­նի  Ատր­պէյ­ճա­նի  հետ։ 2020-ի ըն­թաց­քին, երկ­կող­մա­նի (Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ) յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ստեղծ­ուած տագ­նա­պէն ետք, Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը վե­րա­դար­ձած է Պա­քու, ուր իր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու շր­ջա­նա­կին մէջ կա­պեր կը պա­հէ հա­ւա­տար­մագր­ուած երկ­րին հետ եւ կը հե­տե­ւի տե­ղա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն։ Նա­եւ, նկա­տի առ­նե­լով մեր երկ­րին՝ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դամ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, դես­պա­նու­թիւնը իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կը հա­մադ­րէ մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ մի­աս­նա­բար։ Այս պատ­ճա­ռով, յոյն դես­պա­նին կող­մէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րին ըն­դու­նու­մը, նման հրա­ւէր­նե­րու դէմ շա­րու­նա­կա­կան վեց մեր­ժում­նե­րէ ետք, որոնք ար­դէն ըն­դու­նե­լի դար­ձած էին եւ­րո­պա­կան այլ դես­պա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ՝ որե­ւէ պա­րա­գա­յին կա­րե­լի չէ ըն­դու­նիլ իբ­րեւ հիւ­րըն­կա­լող երկ­րի տե­սա­կէտ­նե­րու որ­դեգ­րում կամ արարք­նե­րու ճա­նա­չում, մա­նա­ւանդ՝ «մաս­նակ­ցու­թիւն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն»։ Անի­կա տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մադ­րու­թեամբ ան­դամ-եր­կիր­նե­րու, նպա­տակ ու­նե­նա­լով տեղ­ւոյն վրայ դի­տար­կել եւ ար­ձա­նագ­րել եղե­լու­թիւն­նե­րը՝ ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ճշգ­րիտ տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցե­լու հա­մար»։
Ահա այն հար­ցե­րը, որոնք կ’առնչ­ուին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նին.
1) Կը թուի, թէ ան չի հասկ­նար, որ թշ­նա­մի պե­տու­թեան զի­ջե­լու դես­պա­նին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը խա­թա­րեն Յու­նաս­տա­նի սե­փա­կան եւ Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րը:
2) Ատր­պէյ­ճան Յու­նաս­տա­նի բա­րե­կա­մը չէ: Ինչ­պէս յի­շեց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը իր նա­մա­կին մէջ, անց­եալ տար­ուան Սեպ­տեմ­բե­րին, Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նին հա­ւա­տար­մագ­րե­րու յանձն­ման ժա­մա­նակ, նա­խա­գահ Ալի­եւ ան­պատ­շաճ եւ ոչ դիւա­նա­գի­տա­կան ձե­ւով ըսաւ անոր. «Ես կր­նամ Ձե­զի ըսել, եւ ասի­կա գաղտ­նիք մը չէ, որ Թուրք­իա ոչ միայն մեր բա­րե­կա­մը եւ գոր­ծըն­կերն է, այ­լեւ եղ­բայ­րա­կան եր­կիր է մե­զի հա­մար: Մենք առանց որե­ւէ երկմ­տան­քի կ’օգ­նենք Թուրք­իոյ եւ կ’օգ­նենք անոր, որե­ւէ պա­րա­գա­յի: Մենք կ’օգ­նենք անոնց (Թուրք­իոյ) բո­լոր տե­սա­կի հար­ցե­րու մէջ, որոնց շար­քին՝ Արե­ւել­եան Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վու հար­ցը»:
3) Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը իր նա­մա­կին մէջ նշած է, որ եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­ներ նոյն­պէս ըն­դու­նած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան հրա­ւէ­րը: Ան ան­տե­սեց այն հան­գա­ման­քը, որ եւ­րո­պա­կան քա­նի մը մեծ եր­կիր­ներ, որոնց շար­քին՝ Մեծն Բրի­տան­իա, Գեր­ման­իա, Ֆրան­սա, Փոր­թու­կալ, Սպան­իա եւ Չեխ­իա, ի յա­ւե­լումն Ռուս­իոյ եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու, հրա­ժա­րե­ցան մաս­նակ­ցիլ դէ­պի Շու­շի ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չա­կան պտոյ­տին: Նոյ­նը պէտք է ընէր Յու­նաս­տան…
4) Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին այն ար­դա­րա­ցու­մը, թէ Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նին այ­ցը Շու­շի՝ նա­խա­տես­ուած էր տա­րած­քին մէջ դի­տար­կում­ներ ընե­լու հա­մար, ծի­ծա­ղե­լի է: Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նին պար­զա­պէս խա­բէ­ու­թեամբ դր­դած են մաս­նակ­ցե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մա­կեր­պած շքեր­թին՝ պար­ծե­նա­լու հա­մար հայ­կա­կան պատ­մա­կան շր­ջա­նի, անոր բնա­կիչ­նե­րու եւ  կրօ­նա­կան վայ­րե­րու բռ­նագ­րաւ­մամբ եւ ոչն­չաց­մամբ՝ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի խախ­տու­մով։
Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ճիշդ նշեց Յու­նաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կա­մութ­եան մա­սին: Սա­կայն, այս­պի­սի բա­րե­կա­մու­թիւն մը պէտք չէ սահ­մա­նա­փակ­ուի դա­տարկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, այլ պէտք է ցոյց տր­ուի յս­տակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով եւ ոչ թէ պար­զա­պէս խօս­քե­րով:
Ինչ­պէս գրած էի նա­խորդ յօդ­ուա­ծիս մէջ, Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը պէտք է Երե­ւա­նի մէջ իր դես­պա­նը ան­մի­ջա­պէս ու­ղար­կէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ստե­փա­նա­կերտ՝ այդ­պէ­սով հա­տու­ցե­լու հա­մար Պաք­ուի իր գոր­ծըն­կե­րոջ Շու­շի կա­տա­րած վի­րա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւնը։ Եթէ ոչ, Յու­նաս­տա­նի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը եւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քը պէտք է ան­մի­ջա­պէս հան­դի­պում ու­նե­նան Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Քիր­ի­ա­քոս Մի­ցո­թա­քի­սի հետ եւ պա­հան­ջեն, որ ան ան­յա­պաղ  պաշ­տօ­նազր­կէ  ար­տա­քին  գոր­ծոց նա­խա­րա­րը եւ Ատր­պէյ­ճա­նէն յետս կո­չէ իր դես­պա­նը:
Ալի­ե­ւի հրա­հանգ­նե­րուն Հնա­զան­դե­լով՝ Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը դա­ւա­ճա­նեց ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ Յու­նաս­տա­նի շա­հե­րուն: Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուրք­իոյ դէմ Հա­յաս­տա­նի եւ բա­րե­կամ այլ եր­կիր­նե­րու շար­քե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու փո­խա­րէն՝ Յու­նաս­տան  իր­մէ կը վա­նէ իր սե­փա­կան դաշ­նա­կից­նե­րը:
Ես դեռ կը սպա­սեմ, որ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը Երե­ւա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագր­ուած օտա­րե­րկ­րա­ցի դես­պան­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պէ պտոյտ մը դէ­պի Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ստե­փա­նա­կերտ, հա­կազ­դե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կազ­մա­կերպ­ուած Շու­շի այ­ցե­լու­թեան։ Ասոր հա­մար, սա­կայն, նախ պէտք է, որ Նի­կոլ Փա­շին­եան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար մը նշա­նա­կէ:
Յարութ Սասունեան