ՄԱԿ-ի կող­մէ զա­նա­զան օրեր ու տօ­ներ նշա­նակ­ուած են՝ որոշ առիթ­նե­րու կամ երե­ւոյթ­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւնը շեշ­տե­լու նպա­տա­կով: Անոնց­մէ մէկն է 12 Օգոս­տո­սի Երի­տա­սար­դու­թեան Մի­ջազ­գա­յին Օրը, որ կու­ գայ յի­շեց­նե­լու երի­տա­սարդ­նե­րուն հիմ­նա­կան դե­րը ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նութ­եան եւ զար­գաց­ման մէջ:
Ու­րեմն 12 Օգոս­տո­սը մեր տօնն է: Հըմմ… 1 օր, միայն մէ՞կ օր, յատ­կա­պէս մե­զի, բա­ւա­րա՞ր է:
Անձ­նա­սէր եւ կողմ­նա­կալ չսեպ­ուե­լու հա­մար, յի­շո­ղու­թեամբս անց­եալ գա­ցի՝ 9 տա­րի առաջ, վեր­յի­շե­լու հա­լէ­պահայ երի­տա­սարդ­նե­րուս վի­ճա­կը։
Փոր­ձե­ցի հա­մե­մա­տու­թիւն մը դնել 2012-էն առաջ­ ու անկէ վերջ մեր վի­ճակ­նե­րուն մի­ջեւ: Առաջ՝ եր­կի­րը, գա­ղութն ու երի­տա­սար­դու­թիւնը կը վա­յե­լէ­ին խա­ղաղ ու բար­գա­ւաճ կեանք: Երի­տա­սարդ­նե­րը ար­տա­կարգ մտա­հո­գու­թիւն­ներ չու­նէ­ին: Բայց 2012-ին յե­ղաշր­ջում մը եղաւ ու մեր գու­նա­ւոր էջը դար­ձաւ մռայլ ու տժ­գոյն։
Երի­տա­սար­դը ստիպ­ուե­ցաւ իր տա­րի­քէն մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն վերց­նել՝ ապ­րե­լով Հա­լէպ, պա­տե­րազ­մի ծանր բե­ռը կրե­լով, կամ գաղ­թի ճամ­բան բռ­նե­լով եւ օտար ափեր նոր կեան­քի պայ­ման­ներ որո­նե­լով: Կր­նա՞ք պատ­կե­րաց­նել, թէ որ­քա՜ն երազ­ներ ու ծրա­գիր­ներ թաղ­ուե­ցան օրին… ան­թիւ ու ան­հա­մար։
Այ­սօր՝ ինը տա­րի ետք, 2012 եւ 2021 թիւե­րու տե­ղա­փո­խու­թիւն կա­տար­ուած է պար­զա­պէս, իրա­վի­ճա­կը այդ­քան ալ տար­բեր չէ: Պա­տե­րազ­մը դադ­րած է, բայց տագ­նա­պը՝ ոչ: Օրէ օր նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ ու դժ­ուա­րու­թիւն­ներ կը ծա­գին երկ­րիս մէջ: Բայց հե­տաքրք­րա­կանն ու յու­սա­լին այն է, որ ի հի­ճուկս այս բո­լո­րին, գա­ղու­թիս մէջ երի­տա­սարդ­նե­րը յա­մա­ռօ­րէն կը պայ­քա­րին: Ու­սա­նող­նե­րուն թիւը կը շատ­նայ, թէ­եւ անոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւնը տն­տե­սա­կան պայ­ման­նե­րուն եւ սղա­ճին պատ­ճա­ռով ստիպ­ուած է ուս­ման կող­քին աշ­խա­տանք մըն ալ ճա­րել: Այս եր­կու­քին կող­քին, երի­տա­սարդ­ներ իրենց բա­ժի­նը կը բե­րեն մէ­կէ աւե­լի միու­թե­նա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու: Աւե­լին ալ ըսե՞մ, անոնք պինդ ու գի­տա­կից են, պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րը իրենց շատ բան սոր­վե­ցու­ցած են: Անոնք գի­տեն, թէ ե՛րբ կարծր պի­տի ըլ­լան եւ երբ ճկուն: Կը գի­տակ­ցին օտար շր­ջա­նակ­նե­րու բաց­ուե­լու կա­րե­ւո­րութ­եան, մի­եւ­նոյն ատեն կը պա­հեն իրենց հայկական ինք­նու­թիւնը: Իրենց ժա­մա­նա­կը շատ լաւ կը դա­սա­ւո­րեն եւ վեր­ջա­պէս կը փոր­ձեն ծան­րա­բեռն­ուած ըլ­լա­լով մէկ­տեղ վա­յե­լել իրենց ըն­տա­նե­կան ու ըն­կե­րա­յին կեան­քը:
Մէկ օր քիչ չէ՞ այս­պի­սի երի­տա­սար­դու­թեան տօ­նը յի­շա­տա­կե­լու հա­մար։
Այս երի­տա­սար­դը պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րու դպ­րո­ցա­կան պա­տա­նին է, հր­թիռ­նե­րու տակ վի­րա­ւոր­նե­րուն օգ­նող ու հա­յա­հոծ թա­ղա­մա­սե­րը հս­կողն է:
Ան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րով տաշ­ուած է ու կեան­քը քմ­ծի­ծա­ղով կը դի­տէ այ­սօր։ Իր ար­հես­տին վար­պետն է հի­մա, ըն­կե­րու­թեան մէջ իր ստանձ­նած պաշ­տօ­նը հմ­տու­թեամբ կը վա­րէ։ Ազ­գա­յին կեան­քին մէջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցող անձ­նա­ւո­րու­թիւն է նա­եւ։
Որ­քան յա­ջո­ղակ երի­տա­սարդ­ներ կան, որոնց նուա­ճում­նե­րը ու­սում­նա­կան, ար­հես­տի կամ պե­տա­կան մար­զե­րու մէջ ան­սահ­ման ու­րա­խու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ կը լեց­նեն մեր սր­տե­րը։
Մեր երի­տա­սար­դը գի­տա­կից է… ան լու­ծում կ’որո­նէ իւ­րա­քան­չիւր հար­ցի ու ծրա­գիր իւ­րա­քան­չիւր անե­լէ դուրս գա­լու եւ իրա­վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու:
Հա­լէ­պա­հայ երի­տա­սար­դը մէ՞կ օր­ուան տօ­նի ար­ժա­նի է: Չէ՛, բա­ւա­րար չէ՛ մէկ օրը, նուիր­եալ երի­տա­սարդ­ներ ու­նե­նալ­նուս հա­մար ամէն օր տօն է մե­զի հա­մար:
Օ՜ն, յա­ռա՛ջ, ու­րեմն, յա­ռաջ ըն­թա­ցէ՛ք ձեր յան­դուգն ծրա­գիր­նե­րով ու մի՛ անճր­կիք ծանր պայ­ման­նե­րու տակ։
Սեւանայ Հալլաճեան