12 Օգոստոսին Երիտասարդութեան Միջազգային օրը Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ պատանեկան 10 օրեայ ճամբարներուն փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: ՀՅԴ պատանեկան ճամբարները, որոնց մասնակցած են աւելի քան 280 պատանիներ Ասկերանի եւ Ստեփանակերտի մէջ սկսած են 2 Օգոստոսին: Ճամբարները ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի գործակցութեամբ կ’իրականացուին` ներգրաւելով ՀՅԴ երիտմիութիւններու ներուժը: Ասկերանի մէջ ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի փակման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալեօշա Գաբրիէլեան, Շրջանային վարչակազմի ղեկավար Արմէն Ղահրամանեան, ԱԱՄ Ասկերանի տարածքային միաւորի նախագահ Աշոտ Աղաջանեան, շրջանային վարչակազմի պատասխանատու աշխատողներ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներ, ծնողներ: Ստեփանակերտի ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի փակման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ Արա Պուլուզեանն ու Ալիօնա Դադամեան, ԱՀ ԿԳՄՍ Նախարարութեան արտադպրողական ծրագիրներու բաժինի պետ Արմէն Պետրոսեան, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներ, ծնողներ: Փակման արարողութիւնը բացուեցաւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամ Տիրուհի գասպարեանին ելոյթով: Այդ առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն մարդոց, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայած, որպէսզի կազմակերպուին ճամբարները, որուն ընթացքին պատանիները իրենց հանգիստը կրցան օգտակար ու արդիւնաւէտօրէն վայելել: Այս տարուան ընթացքին ՀՅԴ-ն կազմակերպած է 7 ճամբար, որոնք ունէին 2 ուղղուածութիւն` հայեցի դասիարակութիւն եւ կարգապահութիւն եւ ժամանցային ծրագիրներ: Այս մասին ելոյթի իր խօսքին մէջ յայտնեց ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ, Արցախի մէջ պատանեկան ճամբարներու համակարգող Ալիօնա Դադամեան: Ան շնորակալութիւն յայտնեց բոլոր այն կառոյցներուն, որոնք գործակցեցան ճամբարներու կազմակերպման ` ԱՀ ԿԳՄՍ Նախարարութեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին: Խօսք առաւ նաեւ ԱՀ ԿԳՄՍ Նախարարութեան արտադպրոցական ծրագիրներու բաժինի պետ Արմէն Պետրոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան ու սփիւռքի ՀՅԴ երիտմիութիւններուն` նման ճամբարներ կազմակերպելուն համար: Արմէն Պետրոսեան ԱՀ ԿԳՄՍ նախարարին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ճամբարի կազմակերպիչներուն եւ աջակիցներուն: Ելոյթներէն վերջ պատանիները հանդիսատեսներուն համար պատրաստած էին բեմական ներկայացում, որուն ընթացքին ներկայացուցած են ճամբարի ընթացքին իրենց սորված ազգային երգերն ու պարերը, նաեւ արտասանած են մէջբերումներ Գարեգին Նժդեհի «Յիշի՛ր պատերազմը» գիրքէն: ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեան «Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ն Արցախի մէջ այն եզակի կառոյցն է , որ ամէն տարի կը կազմակերպէ Արցախի ամենախոշոր պատանեկան ճամբարները: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց , որ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած սկզբունքին` յետպատերազմեան շրջանին նեցուկ ըլլալ Արցախի պատանիներուն: Վահագն Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն, որոնք այս օրերուն կ’աշխատէին պատանիներուն հետ, սփիւռքի երիտմիութիւններու անդամներուն, որոնք աջակցեցան այս ճամբարներուն իրագործման: