«Ապառաժ».-12 Օգոստոսէն սկսեալ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արցախի Երիտասադական Միութեան գրասենեակին մէջ սկսած են դասընթացքներ, որոնց նպատակը Արցախի Երիտասարդական դաշտին մէջ աշխատող գործիչներու պատրաստումն է: Դասընթացքի ընթացքին երիտասարդները պիտի ծանօթանան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան կանոնադրութեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն գործունէութեան: Դասընթացքի աւարտին երիտասարդները պիտի գործուղուին շրջաններ, ուր անոնք պիտի աշխատին երիտասարդներու եւ պատանիներու հետ` հետագային ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն շարքերը ընդլայնելու համար: