2020 տարին ունեցաւ իր բացասական անդրադարձը ուսումնական յառաջընթացին վրայ։ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին եւ անոր պարտադրած արգելափակման հետեւաքով, նամանաւանդ Ճեզիրէի շրջաններէն ներս, կարելի չեղաւ միջնակարգի 2019-2020 տարեշրջանի աւարտական հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը կազմակերպել։ Այս տարի, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան եւ դաստիարակ կազմին, Չորեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2021-ին, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջնակարգ վարժարանի 2020-2021 եւ 2019-2020 զոյգ տարեշրջաններու «Արցախ» հունձքերու աւարտական հանդէսը։ Հանդէսին ներկայ էին հոգաբարձութեան, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանաւարտներու ծնողներ։ Հանդիսավար, շրջանաւարտ Արեգ Պետրոսեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի նահատակներուն, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն տիրար Կարպիս Շիրիքճեան։ Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ դպրոցի ուսումնական գործընթացին եւ ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի վարժարանը եւ զանոնք յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է միասնական աշխատանք, յատկապէս նկատի ունենալով, որ տգնաճան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք, նախորդ տարի վարժարանը ունեցաւ իր երկրորդական բաժինը։ Ապա ան մաղթեց շրջանաւարտներուն բարի երթ դէպի նորանոր վերելքներու նուաճում։ Աշակերտական երախտագիտութեան եւ հրաժեշտի հայերէն ու արաբերէն խօսքեր արտասանեցին Նարոտ Յովհաննէսեան եւ Յովսէփ Յովհաննէսեան։ Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր՝ Հայկական պար, խմբային ասմունք՝ Վահագն Դաւթեանի «Ուրեմն Զարկ, Արցա՛խ», մեկնաբանեցին Աննա Մարիա Նաճար, Գրիգոր Շիրիքճեան եւ Մարիթա Սիմոնեան։ Ապա տեսերիզի մը ընդմէջէն շրջանաւարտ աշակերտները ներկայացուցին դպրոցական յիշատակներէն քաղուած պատառիկներ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում եւ հայերէն լեզուի առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտներու պարգեւատրումը՝ Աննա Մարիա Նաճար, Նարոտ Յովհաննէսեան, Արեգ Պետրոսեան, Յովսէփ Յովհաննէսեան, Մարիթա Սիմոնեան, Գրիգոր Շիրիքճեան, Մելինա Մուրատեան, Ռաֆֆի Յովհաննէսեան եւ Յարութ Յակոբեան։ Այնուհետեւ բեմ բարձրացան 2019-2020 շրջանաւարտ աշակերտները, որոնց ներկայացուցին Ալիք Մովսէսեան եւ Հերա Պետրոսեան։ Շրջանաւարտներու խօսքը արտասանեց Եղնար Ազիզեան։ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» քերթուածը յատուկ առոգանութեամբ մեկնաբանեցին Մարտիկ Կարապետեան, Տեսիլ Յարութիւնեան եւ Նարեկ Շահինեան։ Ապա տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի հայերէն լեզուի գերազանց հետեւեալ աշակերտներու պարգեւատումը՝ Եղնար Ազիզեան, Տեսիլ Յարութիւնեան, Ալիք Մովսէսեան, Հերա Պետրոսեան, Համեստ Պետրոսեան, Մեղրիկ Կարապետեան։ Որմէ ետք հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան շնորհաւորեց վկայեալ աշակերտներն ու ծնողները, շեշտելով հայերէնի դերը մեր կեանքին մէջ, մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, ուր շատ են մեզ շրջապատող այլասերման ալիքները։ Անոնց դէմ ամենազօրաւոր երաշխիքը կը մնայ հայ լեզուն, հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործընթացով։ Ուրեմն բոլորս ձեռք ձեռքի տուած գործակցինք անաղարտ պահելու մեր մայրենի լեզուն։ Հոգաբարձութեան շնորհաւորական խօսքը արտասանեց դեղգծ. տիար Յակոբ Տօնապետեան։ Հուսկ, հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական օրհնութեամբ ողջունեց զոյգ տարեշրջաններու շրջանաւարտները, որոնք ականատես դարձան Արցախի հերոսական մարտերուն եւ պիտի շարունակեն պայքարիլ յանուն արդարութեան եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու նուաճումին։ Ան մաղթեց բոլորին փայլուն ապագայ, նորանոր յաջողութիւններ, որպէսզի ան հպարտութիւնը դառնայ ծնողներուն եւ ազգին։ Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու խրախճանք՝ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Բժշկհ. Մարի Մելքոն