Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, հովուական այցելութեամբ Քեսապ գտնուած շրջանին այցելեց ՍՕԽաչի Կազդուրման կայան, ուր ամառնային արձակուրդով Ազգ. Պատսպարանի մեր զաւակները ժամանած էին:
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան եւ Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբին կողմէ: Ան գնահատեց ՍՕԽաչի Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի անդամուհիները, որոնք մայրական գուրգուրանք կը ցուցաբերեն մեր զաւակներուն նկատմամբ եւ անհրաժեշտ սնունդն ու դաստիարակութիւնը կ’ապահովեն անոնց առողջ աճման համար:
Փոքրիկները Սրբազան Հօր պատմեցին, թէ որքան հանգիստ եւ ուրախ են կազդուրման կայանէն ներս: Օրուան ընթացքին անոնք կը ստանան անհրաժեշտ սնունդ, հաճելի ժամեր կ’անցնեն միասին եւ Քեսապի տեսարժան վայրերէն ներս կը հիւրընկալուին:
Սրբազան Հայրը փոքրիկներուն լսելէ ետք, իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ անգամ մը եւս գնահատեց յանձնախումբին մայրական սէրն ու գուրգուրանքը հանդէպ Ազգ. Պատսպարանի մեր զաւակներուն:
Ապա Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ տիկ. Զեփիւռ Րէիսեան ՍՕԽաչի Կազդուրման կայանի ամփոփ պատմականը ներկայացուց: Սրբազան Հայրը շրջելով կազդուրման կայանի բաժիններէն ներս, մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ տարուած աշխատանքին եւ բարձր գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնն ու ազգանուէր ծառայութիւնը: