21 Սեպտեմբերին, Աշոտ Ղուլեանի յուշակոթողին մօտ հանդիսաւոր երդման արարողութեամբ ՀՅԴ շարքերը  համալրած են 7 նորագիրներ:

Արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները, ՀՅԴ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներ:

Նախքան երդման արարողութիւնը, ներկաները ծաղիկներ զետեղած են Աշոտ Ղուլեանի յուշակոթողին առջեւ:

Կուսակցական երդման արարողութենէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ խոստման արարողութիւն, որու ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան շարքերը համալրած են  2 նորագիր:

ՀՅԴ երդման արարողութեան կնքահայրը` Ալեօշա Գաբրիէլեանն էր, իսկ խոստման արարողութեան կնքահայրը` Սերկէյ Շահուերդեան:

Ալեօշա Գաբրիէլեան նախքան երդման արարողութիւնը ըսաւ, որ նորագիրներու համար սա յիշարժան օր պիտի ըլլայ, որովհետեւ կը համալրեն  կուսակցութեան ը  շարքեր, որ անցած է պատերազմի բովով, իր ժողովուրդի կողքին  եղած է, եւ ինչպէս երդման բնաբանին մէջ ըսուած է` պէտք է պատրաստ ըլլան նոնիսկ կեանքի գնով պաշտպանելու հայրենիքը:

Սերկէյ Շահուերդեան դիտել տուաւ, որ ՀՀ անկախութեան տօնի օրուան առիթով կազմակերպուած երդման եւ խոստման արարողութիւնները յատկապէս կարեւոր են այն առումով, որ այս օրերուն խալխլուած է Հայաստանի անկախութիւնը:

Երդման եւ խոստման արարողութիւններէն յետոյ կուսակցութեան շարքերը համալրած ընկերները շնորհաւորած են ներկաները, որմէ ետք օրուան առիթով Լեռնիկ Յովհաննիսեան իր խօսքը  ուղղած է անոնց:

Լեռնիկ Յովհաննիսեանի համոզումով` մեր ժողովուրդը լաւ չի ճանչնար Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ 70 տարի շարունակ սովետական ժամանակաշրջանին դաշնակցութեան դէմ հակաքարոզչութիւն կը կատարուէր, իսկ Արցախեան շարժումէ վերջ, երբ սկսաւ պատերազմը, Դաշնակցութիւնը ժամանակ չունէր Հայաստանի մէջ ինքնաքարոզչութեամբ զբաղելու․ կարեւորը պատերազմի դաշտին մէջ յաղթանակի կերտումն էր:

«Բոլորն ալ գիտեն, որ ինքնապաշտպանական մարտերը  կազմակերպուած են դաշնակցութեան միջոցով, իսկ առաջին զէնքերը դաշնակցականները  բերած են Արցախ: Այդ պատճառով ժողովուրդը իր հայեացքը ուղղեց դէպի Դաշնակցութիւն, իսկ երբ եկաւ խաղաղութեան ժամանակները, մեր ընկերներուն բանտեր նետեցին», յայտնած է Լեռնիկ Յովհաննսեան:

Նորագիրներէն Քարամեան Էլինան «Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յուզումով դիտել տուած է, որ իր ամուսինը` Մաւրիկ Գրիգորեան, որ զոհուած է 44-օրեայ պատերազմին, նոյնպէս կուսակցական էր եւ երդում ըրած էր նոյն այս վայրին մէջ:

«Ամուսինիս զոհուելէն վերջ, ես որոշած եմ անոր սկսած պայքարը կիսատ չձգել` երդում ընելով անոր երդման վայրին մէջ` զէնքի վրայ»: