«Երկրի Հիւրասրահ»-ի տաղաւարին հիւրն էրՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Անդրադարձ  կատարուած է Հայաստանի վերանկախացման 30-ամեակին: «Դժբախտաբար այսօր չկայ այն միասնութիւնը, որ կար 30 տարի առաջ: Այսօր մենք ունինք խնդիր պահպանելու եւ՛ պետութիւնը, եւ՛ պետութեան անկախութիւնը, որովհետեւ երկուքն ալ վտանգուած են», հաղորդումի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը: