«Սիրիայից` Շուշի» նոր երգ` նուիրուած սուրիահայ դաշնակցական նահատակ քաջերուն:

Արցախեան վերջին պատերազմի դժնդակ օրերուն հայրենիքէն հեռու` Սուրիոյ մէջ ապրող, բայց հայրենիքը միշտ իրենց սրտին էջ պահող երեք քաջ դաշնակցական` Յարութիւն Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան ու Մոսիկ Սեքլէմեան թշնամիին սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններուն մասին լսելով` շտապեցին հայրենիք` սուրբ հողը պաշտպանելու:

1976-ին  ծնած Յարութիւն Բանոյեան, հակառակ երիտասարդ տարիքին` զինուորական գործի մէջ թրծուած էր․ան զինուորական գործի գիտակ էր: Յարութիւնը, որուն ընկերները Յարութ կը կոչէին, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար եղած էր, «հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ աստիճանի» մեդալակիր էր:

1991-ին ծնած Յակոբ Ասթարճեան եւ 1992-ին ծնած Մոսիկ Սեքլէմեան եւս Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկներն էին:

Ընկերները կենաց-մահու պայքար կը մղէին Շուշիի մէջ` յուսալով, որ թշնամին պիտի շպրտեն: Եւ, իրաւ, ետ  շպրտա էին: Քաջերու հրամանատարը Յարութ Բանոյեանն էր: Զինուորական փայլուն միտքին շնորհիւ թշնամիին մեծ կորուստներ պատճառելով` Յարութը, Յակոբն ու Մոսիկը 8-9 Նոյեմբերին Շուշիի պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն հերոսաբար զոհուեցան:

Այս քաջերը զոհուեցան՝ իրենց ոգիին էջ վառ պահելով ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք ունենալու լուսէ երազանքը:

Քաջերը զոհուեցան` Շուշիի անկումը չտեսնելով, 9 Նոյեմբերին ստորագրուած տխրահռչակ եռակողմ յայտարարութեան մասին չիմանալով․․․

Յետմահու «Մարտական Խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած Յարութի, «Արիութեան» մետալով պարգեւատրուած Յակոբի ու Մոսիկի մասին նոր երգ  գրուած է, որը մեկնաբանած է հայրենասիրական երգերու մեկնաբան, Սուրիա ծնած, այժմ Ֆրանսա հաստատուած դաշնակցական Սագօ Պուտուզեան: «Հորիզոն»-ի հետ ունեցած իր զրոյցին մէջ ան դիտել տուաւ` ոգիի կանչով զգացած է` այս քաջերու մասին երգը պէտք է գրուի ու  պէտք է ինք կատարէ:

«Սիրիայից` Շուշի» երգի խօսքին հեղինակները Սագօ Պուտուզեանն ու Յասմիկ Բալեյեանն են, երաժշտութեան ու գործիքաւորման հեղինակը Յովիկ Ատուրեանն է, իսկ տեսահոլովակի պատասխանատուն` Խաչիկ Ղազարեան:

Յարութի, Յակոբի, Մոսիկի ու միւս քաջերուն անունները մեր սրտերու մէջ են: Անոնց պէս քաջերու սխրանքներուն շնորհիւ է, որ մենք հայրենիք ունինք:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…»: