26 Սեպտեմբերին Երեւանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն Սուրբ խաչը եւ պետականութիւնը խորհրդանշող դրօշակներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած ջահերով երթը դէպի Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն:

Երթին մասնակցած էր ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, խմբակցութեան պատգամաւորներ, ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու անդամներ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ: Երթին միացած  էին բազմաթիւ քաղաքացիներ:

«Այս քայլերթի նպատակն է արձանագրել` մենք տէրն ենք մեր նահատակներուն թափած արեան, իրենց գաղափարի ու նուիրումի հետեւանքով գոյութիւն ունեցող մեր պետականութեան: Կան շատուշատ հայորդիներ, որոնք գիտակցելով մեր պետականութեան, ժողովուրդին առջեւ ծառացած այս դժուարին կացութիւնը, շարունակողն են այն պայքարին, որ դարեր ի վեր մղած են մեր փառապանծ նախնիները, շարունակեցին արցախեան վերջին պատերազմի մեր հերոսները:

Համոզուած ենք` Հայաստանն ու Արցախը այս վիճակին հասցնող ոչ մէկ մարդ անպատիժ պիտի չմնայ, մեր պայքարը կը շարունակուի»,- յայտարարուեց քայլերթէն առաջ:

Երթ կ’ընթանար լուռ, միայն բարձրախօսով հնչած են 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներու անունները:

«Հայաստան» դաշինքի նախաձեռնած երթ-մոմավառութիւնը հասաւ Եռաբլուր: Աղօթեցին Տէրունական աղօթքը: Եկեղեցականները հոգեւոր կարգ մատուցեցին: Քահանայի յորդորով, երթին մասնակիցները իրենց ձեռքին վառ կանթեղները տեղադրեցին նահատակներու շիրմաքարերուն վրայ: