ՀՅԴ Սուրիոյ շրջանի ժողովը քննելէ ետք սուրիահայութեան գոյերթի տնտեսական, ապահովական, ընկերային, մշակութային եւ կրթական բնագաւառները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական ու ապահովական ներկայ իրավիճակը, հաստատեց թէ՝
-Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ հայութիւնը ռազմավարական դեր ունին Հայ Դատի համընդհանուր պայքարին մէջ։
– Հարկ է Սուրիոյ ժողովուրդին ընկերային հիւսուածքի մէկ բաղադրիչը հանդիսացող սուրիահայութեան ինքնութեան պահպանման ի սպաս դնել տնտեսական, մարդուժի վերաորակաւորման եւ կրթամշակութային կեանքի զարգացման տարբեր միջոցներ եւ վերանորոգ թափով շարունակել Սուրիոյ մէջ գործող մշակութային, բարեսիրական, կրթական եւ մարզական մութիւններուն աշխատանքը։
– Սատարել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, պետական ինքնիշխանութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատման, որպէս սուրիահայութեան գոյատեւման հիմնական կռուան։
– Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմը ոչ միայն մարդկային ու տարածքային կորուստներու պատճառ դարձաւ, այլեւ ստեղծեց նոր իրավիճակ, որ մէկ կողմէ կը սպառնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, միւս կողմէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան։
Ուստի ժողովը յանձնառու եղաւ պայքարելու՝
Ա) Ներքին թէ արտաքին բոլոր այն ուժերուն դէմ, որոնք կը միտին Հայաստանի պետականութեան քայքայման եւ կամ որոնց սխալ քաղաքականութիւնը երկիրը կ՛առաջնորդէ նոյն վախճանին,
Բ) Հայաստանի թրքացման միտող ատրպէյճանաթրքական վտանգին դէմ։
Ի ԴԻմաց`
ՀՅԴ Սուրիոյ Շրջան