25 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի գրասենեակէն ներս ՀՅԴ ԳՄ անդամներու եւ Մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն:

Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հանդէս եկած է առկայ քաղաքական իրավիճակի մասին ամփոփ զեկոյցով:

Հանդիպումին մեծապէս կարեւոր համարուած է մարզերու մէջ աշխատանքներու աշխուժացումը եւ ազգաբնակչութեան հետ տարուող աշխատանքներու ընդլայնումը:

ՀՅԴ Մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատուներու հետ քննարկուած են նաեւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներուն համար յառաջիկային նախատեսուող մարզային այցելութիւնները եւ դաշինքի պատգամաւորներուն հետ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն առնչուող հարցեր: