Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Կողմերը շեշտեցին երկու երկիրներուն միջեւ պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարեցին սոյն յարաբերութեան զարգացումը։ Նախարարները համաձայնեցան շարունակել Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ միացեալ աշխատանքը՝ ի նպաստ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն։ Սուրիական կողմէն հանդիպումին ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի, ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Պասսամ Սապպաղ, նախարարութեան անձնական գրասենեակի վարչակազմի տնօրէն Ապտալլա Հալլաք եւ նախարարութեան գրասենեակի պատասխանատու Իհապ Համէտ։