«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն արցախեան 2-րդ պատերազմի 1-ին տարելիցին հանդիպած է իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ` արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Անոնք հանդէս  եկած են միատեղ մամուլի ասուլիսով, որու ընթացքին Չաւուշօղլուն Հայաստանը մեղադրած է Ատրպէյճանի կողմէն կատարուած խաղաղութեան առաջարկը առ այսօր անպատասխան ձգելով:

Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն ստացուած դրական ուղերձներուն` Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է, որ անոնք եղած են զուտ իբրեւ պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին:

«Ի սկզբանէ մեր ամենամեծ ցանկութիւնն էր, որ այս տարածաշրջանը ըլլայ խաղաղ եւ կայուն շրջան: Անոր միտուած է Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանին կատարուած համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի առաջարկը: Բայց տակաւին դրական պատասխան չէ եկած»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ամփոփելով իր խօսքը, շեշտած է, որ յետայսու Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ պիտի համադրէ բոլոր քայլերը, որոնք անհրաժեշտ պիտի ըլլան հետագայ գործընթացին համար: