Խորագիրը շատ յստակ է…«պատմական համեմատութիւններ եւ հակառակը…»:
Ճիշդ է, որ նման «բաներ»ու մասնագէտ մը չեմ, ոչ ալ վերլուծող մը, բայց կը սիրեմ ականջ դնել պատմական այս տեսակ տուեալներուն: Չէ՞ որ ինծի համար նման «բաներ» հասկնալու եւ անկէ օրինակներ վերցնելու եւ օրինակուելու համար նախապայման է պատմութեան մէջ «մտնել» ու «մնալ»: Ուրեմն…:
Վերջերս եւ պատահական, ձեռքս անցան Նափոլէոն Փոնաբարթի եւ Ատոլֆ Հիթլերի մասին հետաքրքրական էջեր, որոնք կարգ մը պատմաբաններու կողմէ, այս երկու բռնապետ-«հսկաներու» մասին զանազան հաւանական եւ անհաւանական համեմատութիւններ կը ներկայացնէին:
Ընթերցումներէս ետք, ես ինծի դարձեալ հարց տուի, թէ արդեօ՞ք այս տուեալները պարզ զուգադիպութիւններ էին, թէ պատմութիւնը ասոնց մօտ ալ ինքզինք նորէն կրկնած էր:
Չեմ գիտեր: Նախապէս պատմական նմանութիւններու հանդիպած էի Ամերիկայի նախկին երկու նախագահներ՝ Աբրահամ Լինքընի եւ Ճան Քենետիի պարագաներուն ու այս մասին օրին զարմանքս արտայայտած:
Այս պարագային սակայն, կ’ուզեմ, որ ընթերցողը ի՛նք ճշդորոշէ: Իմ ներկայացուցածը պարզապէս տեղեկութիւններու շարան մըն է, քաղուած՝ պատմական ուսումնասիրութիւններ կատարող յայտնի եւ անյայտ մասնագէտ գրիչներէ:
Նախ ըսեմ, որ երկուքին մօտ ալ նկատելի էր քանի մը յստակ տարբերութիւններ: Բայց նաեւ կային բազմաթիւ նմանութիւններ ալ: Ներկայացնեմ.
– Ե՛ւ Նափոլէոնը, ե՛ւ Հիթլերը ծնած էին իրենց երկրէն դուրս:
– Նափոլէոն ծնած էր 1760-ին, ֆրանսական Քորսիքա կղզիի մէջ: Յաջողակ փաստաբանի որդին ըլլալով ստացած էր որոշ կրթութիւն: Բայց ունեցած էր իտալական առոգանութիւն, որ յստակօրէն կը տարբերէր զուտ ֆրանսականէն:
– Հիթլեր ծնած էր 1889-ին,  Աւստրիոյ մէջ: Ան Գերմանիա հաստա- տուած էր 1913-ին, եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին զինուորագրուած՝ երկրի բանակին: 1919-ին միացած էր գերմանական Բանուորական կուսակցութեան, որ հետագային դարձաւ Նացիստական կուսակցութիւն եւ ինք 1921-ին դարձաւ անոր առաջնորդը:
– Հիթլեր իր երկիրը կառավարեց 12 տարի: Ան ոչ միայն Գերմանիան փոխեց, այլ նաեւ՝ ամբողջ Եւրոպան:
– Նափոլէոն կառավարեց 10 տարի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ յօրինելով նոր կարգ մը, որ մինչեւ օրս ալ կը կիրարկուի:
– Հիթլեր բանակին մէջ սովորական զինուոր մըն էր, իսկ Նափոլէոն՝ ռազմական հմտութիւններով զինուորական մը:
– Երկուքին կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը նոյնը չէին: Սակայն երկուքին մօտ ալ պատերազմելու կամ պատերազմի մտնելու արագութիւնը գրեթէ նոյնն էր:
– Հիթլեր, շնորհիւ իր հմտութեան, 25 օրուան մէջ, շատ արագ գրաւեց Նիտերլանտները՝ Հոլանտան, Պելճիքան եւ Ֆրանսան:
– Նափոլէոն, 24 օրուան ընթացքին գրաւեց ամբողջ Լեհաստանը, Աւստրիան եւ վերջին՝ Ֆրանսան եւ իր գրաւած երկիրներուն մէջ արգիլեց արտայայտուիլ ազգային ժառանգութեան մասին:
– Հիթլերի մօտ բացայայտ էր հրեաներու նկատմամբ անսովոր եւ անօրինակ ատելութիւնը:
-Երկու բռնապետներն ալ իրենց գրաւած երկիրները կողոպտեցին, մեծ չափով աւար (զէնք, արուեստ, պաշար) վերցնելով:
– Երկուքն ալ իրենց վարչակարգերը ճնշող ժողովուրդներու ապստամբութիւնները վայրագօրէն ճզմեցին:
– Երկուքն ալ կ’ատէին ու կը զզուէին մտաւորականներէն ու միշտ եւ ամէն միջոցներով զանոնք լռեցնել կը փորձէին: Անոր համար հաստատած էին գրաքննութեան եւ գաղտնի ոստիկանութեան մեծ խումբեր:
– Երկուքն ալ կ’ուզէին ոչնչացնել Ռուսիան: Բայց վերջաւորութեան, մեծ զոհեր եւ կորուստներ տալով, չարաչար պարտուեցան: Ձախողեցան՝ ահռելի պարտութեամբ: Յաղթողները եղան եւրոպական ազատութեան իրական պաշտպանները՝ ազգայնականները:
Հակառակ այս բոլորին, Հիթլեր, որ ինքզինք եզակի ու կատարեալ գերմանացի նկատած էր,  միշտ հիացած էր Նափոլէոնով:
Բայց իրականութիւն է, որ երկու բռնապետներն ալ պատմութեան անցան եւ ամէն առիթներով, միշտ յիշուեցան եւ յիշատակուեցան:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
(129 ԹՈՒԱՆՇԱՆԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ)
– Հիթլեր ծնած էր 1889-ին, Նափոլէոնէն՝ (1760) 129 տարի ետք:
– Երկու բռնապետներն ալ, իրենց 44 տարեկանին հասած էին իշխանութեան:
– Նափոլէոն Վիեննա մտած էր 1809-ին, իսկ Հիթլեր՝ 1939-ին (Նաբոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):
– Նափոլէոն կայսր դարձած էր 1804-ին, իսկ Հիթլեր՝ երկրի ղեկավար՝ 1933-ին-(Նափոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):
– Նափոլէոն Ռուսիոյ դէմ արշաւանքի սկսած էր 1812-ին, իսկ Հիթլեր՝ 1941-ին-(Նափոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):
– Նափոլէոն Ռուսիոյ դէմ պարտուած էր 1816-ին, իսկ Հիթլեր՝ 1945-ին- (Նափոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):
Արդ, ի տես այս «129» ուրուականին, ի՞նչ կարելի է ըսել կամ հետեւցնել պատմական այս «նմանութիւններէն» եւ կամ տուեալներէն… չեմ գիտեր:
Պարզապէս հետաքրքրական իրականութի՞ւն, կամ զուգադիպութի՞ւն…:
Դուք ճշդեցէ՛ք:
Գէորգ Պետիկեան