Նաթան մարգարէն հետեւեալը ըսաւ Դաւիթին. «Այս բանով Տիրոջը թշնամիներուն հայհոյութիւն ընելու առիթ տուիր։» (Բ.Թգ 12.14) Դաւիթի գործած մեղքին մէջ Աստուծոյ սիրտը խոցած երեւոյթներէն մէկը այն էր, որ Դաւիթ իր մեղքով պատճառ դարձած էր, որ Տիրոջը թշնամիները հայհոյեն. մինչեւ իսկ պատերազմներէն մէկուն ընթացքին Դաւիթի բանակը պարտութեան մատնուեցա՛ւ, եւ պատճառը նոյնինքն Դաւիթն էր։
Երբեք գործած մեղքիդ մի նայիր, որպէս թէ ժամանակաւոր կամ անցողակի մեղք մը ըլլար, այլեւ նայիր անոր հետեւանքներուն եւ ծաւալին, եւ թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ անոր ազդեցութիւնը։ Մեղքին պատճառով յառաջացած գայթա- կղութիւնը մեծապէս վտանգաւոր է։ Այդ իսկ պատճառով, երբ մարդ ապաշխարութեան մասին կը մտածէ, հարկ է երկու անկիւններէ դիտելով մտածէ.-
Առաջին անկիւնը այն է, թէ ան պէտք չէ ինքզինք համոզէ, որ դեռ ապրելու երկար ժամանակ ունի, ուստի օր մը անպայման կÿապաշխարէ, այլ անհրաժեշտօրէն պէտք է ապաշխարէ, որպէսզի մահը յանկարծակի վրայ չհասնի եւ զինք անպատրաստ գտնէ։
Երկրորդ անկիւնը այն է, որ նոյնիսկ մարդ երկար ապրի միչեւ ապաշխարհէ, սակայն պէտք է ի մտի ունենայ հետեւեալը, մինչեւ այդ պահը հասնիլը արդեօք իր գործած մեղքերուն տոկոսը ո՞րքան բարձրացած պիտի ըլլայ եւ իր կատարած գայթակղութիւնները ո՞րքան շատցած ու տարածուած պիտի ըլլան։ Ուստի ի՞նչ կերպ պիտի փորձէ ուղղել զանոնք։ Այսպիսով մարդ անակնկալօրէն ինքզինք իրողութեան մը առջեւ պիտի գտնէ եւ զգայ ու տեսնէ թէ ո՛րքան իր մեղքերուն բեռը ծանրացած է իր վրայ։
Այս պատճառով աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ ան անմիջապէս սկսի ապաշխարութեան, որպէսզի կարողանայ Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրել եւ վերաշինել ու վերականգնել այն՝ ինչ որ քանդած ու ապականած է իր կեանքին ընթացքին։ Աւելին, թերեւս ալ Աստուած զինք իբրեւ պատուական անօթ օգտագործէ՝ տարածելու համար սրբութիւնը եւ փոխակերպելու համար մարդոց կեանքը եւ նորոգելու նախքան ապաշխարելը իր կատարած մեղքերուն ապականածն ու փճացուցածը ։
ԱՐԵԱՆ ՊԱՐՏՔԷՆ ՓՐԿԷ ԶԻՍ Ո՛Վ ԱՍՏՈՒԱԾ
Դաւիթ մարգարէն իր ապաշխարութեան ժամանակամիջոցին այսպէս սաղմոսեց՝ ըսելով. «Այս արեան պարտքէն փրկէ՛ զիս, Աստուա՛ծ, Աստուա՛ծ, փրկիչս, եւ լեզուս ցնծութեամբ արդարութիւնդ պիտի երգէ» (Սղ 51.14)։ Արդեօք ին՞չ ըսել կÿուզէ «Արեան պարտքէն փրկէ զիս» արտայայտութեամբ։ Դաւիթին համար ատիկա Քետացի Ուրիան մեռցնելու մեղքին համար Աստուծմէ ներում խնդրել ստանալ կը նշանակէր։ Սակայն ներկայիս սոյն սաղմոսը աղօթողներուն համար արեան պարտքը միայն մարմնապէս մարդուն սպաննութեան համար չէ, այլեւ որեւէ գայթակղեցնելու արարք, անիրաւութիւն, ատելութիւն եւ չսիրել, ասոնք բոլորն ալ արիւն թափել կը նշանակեն։
Ոեւէ մէկուն եթէ գայթակղութեան պատճառ դարձար, ապա անոր արիւնը քեզմէ պիտի պահանջուի։ Եւ եթէ Աստուծոյ ըսենք. «Այս արեան պարտքէն փրկէ՛ զիս, Աստուա՛ծ, Աստուա՛ծ, փրկիչս, եւ լեզուս ցնծութեամբ արդարութիւնդ պիտի երգէ» (Սղ 51.14), այն ժամանակ Տէրը պիտի պատասխանէ. «Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք» (Ես 1.16)։ Արեան հետքն անգամ թող չըլլայ ձեռքերուդ վրայ, գիտցիր թէ զո՞վ գայթակղեցուցած ես եւ անոր արիւնէն լուա՛ ու մաքրէ ձեռքերդ։
Սակայն զգուշացի՛ր, որ չընես այն՝ ինչ որ Պիղատոսը ըրաւ եւ ըսաւ. «Անպարտ եմ ես այս արդար մարդուն արիւնէն. ձեր գիտնալիքն է» (Մտ 27.24)։ Ան իր ձեռքերը լուալէ ետք միաժամանակ դատաւորի աթոռին բազմեցաւ եւ խաչելութեամբ մահուան դատապարտեց զՔրիստոս։
Սակայն աստուածային արդարութիւնը չլուաց այդ յանցաւոր ու անօրէն ձեռքերը, եւ Պիղատոս Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու մնաց այդ ահաւոր ոճիրին համար։ Ի՞նչպէս կարելի է նոյն դատավարութեան ժամանակ նո՛յն մարդուն համար թէ՛ անմեղ յայտարարել եւ թէ՛ մահապատիժ վճռել։ Հրեաները ուրախացան ու ցնծացին եւ ըսին. «Անոր արիւնը թող մեր եւ մեր զաւակներուն վրայ ըլլայ» (Մտ 27.25)։
Քրիստոս Տէրը, Պիղատոսին ըսաւ. «Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն պիտի ունենայիր՝ եթէ քեզի վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չըլլար։ Հետեւաբար մեծ մեղքը անորն է՝ որ զիս քեզի յանձնեց» (Յհ 19.11)։ Եթէ իմ արիւնս քեզմէ պահանջուած է ո՛վ Պիղատոս, սակայն այդ հրեաներէն շատ աւելիով պիտի պահանջուի արիւնս, որովհետեւ եթէ դուն հեթանոս եւ հռոմէացի մարդ մըն ես եւ քեզմէ կը պահանջուի, որ ճշմարտութիւնը պաշտպանես ի պաշտօնէ, սակայն անոնցմէ կը պահանջուի շատ աւելի նախանձախընդրութեամբ պահել  ճշմարտութիւնը, որովհետեւ անոնք ըսին, թէ իրենք են պահապանները ճշմարտութեան, Օրէնքին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին. եւ ուստի, անպայմանօրէն անհրաժեշտ էր գիտնալը, թէ ի՛նչպէս անոնք ուղիղ եւ հաստատակամ պէտք էին ընթանալ։
(շար.12)
Թարգմանեց՝
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան