Ծննդեան 180-ամեակին առիթով:
Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանց ծնած է Վան-Այգեստան, 17 Նոյ. 1841-ին։ Աւազանի անունով՝ Յովհաննէս Սանտեան։ Աշակերտած է Խրիմեան Հայրիկին Վարագայ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք ուսուցիչ նշանակուած է նոյն վարժարանին եւ դարձած է Խրիմեանի օգնականը որպէս «Արծուի Վասպուրական» ամսագրի խմբագիր, միաժամանակ աշխատակցած է Կ. Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայ մամուլին։
Երբ 1862-ին Խրիմեան ընտրուած է Տարօնի առաջնորդ, Սրուանձտեանց ընկերակցած է անոր ու մեկնելով Գլակայ Վանք ստանձնած է նորահաստատ «Արծուիկ Տարօնոյ» կիսամսեայ հանդէսին խմբագրութիւնը (1863-1865)։
Կարնոյ մէջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Աւելի ետք, առաջնորդական փոխանորդի եւ առաջնորդի պաշտօններ վարած է Վան, Մուշ, Քղի, Ակն, Կարին եւ հուսկ՝ Տրապիզոն, ուրկէ կառավարութեան որոշումով տարուած է Կ. Պոլիս ու արգիլուած է վերադառնալ հայրենիք։ Կ. Պոլսոյ մէջ եղած է քարոզիչ Բերայի Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցիին։ Զանազան վայրերու մէջ վարած է նաեւ կրթական պաշտօններ։
Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Սբ. Էջմիածնի մէջ, 1886-ին։
Վախճանած է ծննդեան օրը, 17 Նոյ. 1892-ին, Կ. Պոլիս, ուր եւ թաղուած է։
Հրատարակած գիրքերէն յիշենք.
1- «Մանանայ», Կ. Պոլիս, տպագր. Եղիա Մ. Տնտեսեան, 1876, 457 էջ։
2- «Թորոս Աղբար Հայաստանի Ճամբորդ», Ա. մաս, Կ. Պոլիս, տպագր. Եղիա Մ. Տնտեսեան, 1879, ԺԳ., 350 էջ։
3- Նոյն, Բ. մաս, Կ. Պոլիս, տպագր. Գարեգին Պաղտատլեան (Արամեան), 1884, ԻԸ., 488 էջ։
4- «Համով-հոտով», Կ. Պոլիս, տպագր. Գարեգին Պաղտատլեան (Արամեան), 1884, ԻԱ., 384 էջ։
Հրատարակած է նաեւ թատրերգութիւններ, դասագրքեր, եւ այլն։
Մեծ է Սրուանձտեանցի վաստակը որպէս բանահաւաք, ազգագրագէտ, բանասէր, ձեռագրագէտ եւ հայրենի աշխարհի ուսումնասիրող։
Սրուանձտեանց առաջիններէն է, որ շրջած է Հայաստանի զանազան անկիւնները ու գրի առած է բազում ժողովրդական հեքիաթներ, երգեր, հանելուկներ եւ բանահիւսական այլ ժանրերու նմուշներ։ Ի՛նք է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը յայտնաբերողն ու առաջին գրի առնողը։ Ան ծանօթ է նաեւ որպէս ձեռագրագէտ, բայց քիչ բան գրուած է Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայրերը ուսումնասիրելու իր աշխատանքին մասին, եւ ահա այդ նիւթին է, որ նուիրուած է այս յօդուածը։
* * *
3 Մարտ 1878-ին, Կ. Պոլսոյ արուարձան Սան Սթեֆանոյի մէջ ստորագրուած դաշնագրին 16-րդ յօդուածը բարենորոգումներ կը խոստանար Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութեան եւ Հայ դատը կը դնէր նոր փուլի մը մէջ։
Ստեղծուած նոր իրավիճակը կը ստիպէր Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը, որ աւելի մօտէն հետաքրքրուի Կայսրութեան տարածքին ապրող հայութեան առօրեայով եւ փորձէ աւելի լաւ ճանչնալ հայրենի աշխարհը, անոր ժողովրդագրութիւնը, կրթական, մտաւոր ու տնտեսական վիճակն ու ներուժը, կեանքի ու ինչքի ապահովութեան աստիճանը, եւ այդ բոլորը աւելի ետք ծառայեցնել ստեղծուելիք քաղաքական նոր իրավիճակով պայմանաւորուած հաւանական զարգացումներուն։
Առ այդ, Պատրիարքարանի կողմէ պատրաստուած եւ Կայսրութեան հայաբնակ շրջանները յղուած են գաւառներու մասին տպագիր երկու ընդարձակ հարցարաններ, զորս լրացուելով պէտք է վերադարձուէին Պատրիարքարան։ Փաստահաւաքումի աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու եւ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարելու նպատակով, Արեւմտեան Հայաստան գործուղուած են օրուայ հայ եկեղեցականութեան մէջ իրենց գիտութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ փայլող երեք ծանօթ դէմքեր՝ Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանց, Արիստակէս Վրդ. Տէր Սարգիսեանց-Տէվկանց եւ Վահան Վրդ. Տէր Մինասեան (Պարտիզակցի), որոնք շրջելով գաւառները, պիտի պատրաստէին իրենց տեղեկագիրները ու փոխանցէին Պատրիարքարան։
 Երեւի անարդարութիւն ըրած չենք ըլլար Տէվկանցին ու Պարտիզակցիին եթէ ըսենք, որ այս երեքին մէջ իր ստեղծած մնայուն արդիւնքով, առաւել արդիւնաւէտ եղած է Սրուանձտեանցի ուղեւորութիւնը, որ ո՛չ միայն Պատրիարքարան յղած է բազմաթիւ խնամուած եւ մանրամասն տեղեկագիրներ, այլեւ իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին հաւաքած հայագիտական մեծարժէք նիւթերը հրատարակած է առանձին հատորներով ու ժողովածուներով։
Թէ ի՞նչ կը պարունակեն Սրուանձտեանցի պատրաստած տեղեկագիրները, հետեւեալ թւումը ընդհանուր գաղափար մը կրնայ տալ անոնց մասին։
Տեղեկագիրներուն մէջ նախ յիշած է բնակավայրին անունը, երբեմն նաեւ անոր աշխարհագրական դիրքը, ապա տեղւոյն հայ բնակչութեան քանի՞ տունէ բաղկացած ըլլալը եւ քանի՞ հայ բնակչութիւն ունենալը, եկեղեցիին կամ եկեղեցիներուն անունները, կալուածները, եկամուտները, զանոնք մատակարարողները, բնակավայրի դպրոցին կամ դպրոցներուն  անունները, աշակերտութեան թիւը արու եւ էգ առանձին-առանձին, դպրոցի տարեկան պիւտճէին աղբիւրները, գիւղին օտարազգի բնակչութեան թուաքանակը՝ թուրքեր, քիւրտեր, ասորիներ, եզիտիներ եւ այլն։ Կան նաեւ տեղեկութիւններ գործող վանքերու, վանականներու, անոնց աշխատանքին, վանքապատկան կալուածներուն եւ եկամուտներուն ու զանոնք մատակարարողներուն մասին։ Յաճախ տրուած են նաեւ ծանօթութիւններ գոյութիւն ունեցող մշակութային ընկերութիւններուն, անոնց նպատակներուն, գործունէութեան եւ անդամներուն մասին, նաեւ անուանացանկը շրջանին մէջ իրենց հարստութեամբ, դիրքով կամ մտաւորական կարողութիւններով փայլող ազգայիններուն։
Ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական կեանքը եւս արժանացած է յատուկ ուշադրութեան եւ խօսուած է արհեստներու, ներմուծուած ու արտահանուած ապրանքատեսակներու, գաւառաբնակ հայութեան դժուարութիւններուն, առօրեայ հարստահարութիւններուն, քիւրտ եւ թուրք պէյերու եւ կառավարական պաշտօնեաներու շահատակութիւններուն, բռնի կրօնափոխութեան, տուրքերու գանձման անարդարութիւններուն, պետական պաշտօնեաներու եւ օտարազգիներու կողմէ ամէնօրեայ  հանգամանք ստացած սպանութիւններուն, բռնութիւններուն եւ այլնի մասին։ Սրուանձտեանց գրած է նաեւ ժողովուրդի կարիքներուն ու ակնկալիքներուն մասին, ինչպէս՝ ճանապարհներու եւ կամուրջներու կառուցում, արդարութեան հաստատում, տուրքերու արդար բաշխում, եւ այլն։ Իւրաքանչիւր շրջանի համար առանձին անդրադարձ կայ աւերակ եկեղեցիներուն, վանքերուն, խաչքարերուն ու գերեզմանատուներուն եւ օտարներու կողմէ անոնց դիտաւորեալ փճացուելուն մասին։
Սրուանձտեանցի եւ իր ընկերներուն այս ճիգը Արեւմտեան Հայաստանը լաւ ճանչնալու եւ ուսումնասիրելու առաջին լուրջ փորձն է, որ դժբախտաբար ապագային չունեցաւ նոյն ամբողջականութեամբ իր յաջորդներն ու շարունակողները։ Այսպիսով, անոնք հանդիսացան Արեւմտեան Հայաստանը գիտականօրէն ուսումնասիրող առաջին հայագէտները, կամ գէթ առաջիններէն մէկը։
Վերադառնալով Սրուանձտեանցի ըսենք, որ իր հետախուզութեան եւ ուսումնասիրութեան դաշտը շատ ընդարձակ է եւ ընդգրկուն՝ Տիարպէքիր, Մալաթիա, Ակն, Չարսանճագ, Խարբերդ, Արաբկիր, Սեբաստիա, Մարզուան, Եւդոկիա, Տրապիզոն ու շրջակայքը, Երզնկա, Քէմախ, եւ այլն։ Սրուանձտեանցի գործերուն մէջ ծանօթութիւններ կարելի է գտնել այս շրջաններէն հարիւրաւոր քաղաքներու, գիւղերու, եկեղեցիներու ու վանքերու մասին։
Ու պիտի զարմանալ թէ ինչպիսի կամք ու ինչպիսի հայրենասիրութիւն է այդ դժուարին պայմաններուն մէջ զինք ու իր ընկերները առաջ մղողը։ Սրուանձտեանց առիթով մը գրած է թէ «Հրամանը կը մղէր զիս, Հայաստանը կը քաշէր զիս»։ Ան իր «Թորոս Աղբար»ի զանազան էջերուն եւ Պատրիարքարան յղուած տեղեկագիրներուն կից բացատրական նամակներուն մէջ յաճախ անդրադարձած է այն վտանգալից պայմաններուն, որոնց մէջ գործած է գիւղէ գիւղ իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին, երբ չկային ճանապարհներ, կամուրջներ, ու այնքան բազում էին վտանգները, պայմանաւորուած մանաւանդ քիւրտ եւ թուրք աւազակներու եւ հրոսակներու առատութեամբ։
Մէջբերենք հատուած մը Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքին յղուած Սրուանձտեանցի մէկ անտիպ նամակէն. «Սրաբազա՛ն Տէր, իմ շրջած վիճակները սարսափալից են եւ վտանգաւոր։ Պարթեւներով, քրտերով երթալ ստիպեալ եմ, եւ քաղաքներու մէջը ամէն վարժարանները ու եկեղեցիները կը շրջիմ, ժողովոց եւ խորհրդոց հետ կը տեսակցիմ, հարկ եղած դիտողութիւնները կ’ընեմ, ժողովրդեան հետ կը խօսիմ, կը լսեմ, յոյս կու տամ, կը քաջալերեմ, որոց մեծ պէտքը կը տեսնամ։ Բայց այս ամէնը կ’ընեմ առանց ժամավաճառ ըլլալու, քանզի մէկ կողմէն ալ վիճակագրութեան պէտքերը պատրաստել կու տամ, այլ քանի՜ դժուարութեամբ, կրկին ես պիտի սեւագրեմ եւ սրբագրեմ, եւ այլն», եւ երկրորդ մէջբերում մը՝ «Տէրսիմի ստորոտներէն կ’անցնիմ յԱրաբկիր, Տուժիկի քրտերէն Աստուած պահէ»։
Սրուանձտեանցի հաւաքած նիւթերուն մէկ մասը աւելի ետք հրատարակուեցաւ վերեւ յիշուած իր հատորներուն կամ օրուայ պարբերական մամուլի էջերուն, ուրիշներ Գիւտ Քահանայ Աղանեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած «Դիւան Հայոց Պատմութեան» մեծարժէք շարքին կամ Ալվարդ Ղազիեանի կազմած «Երկեր»-ու զոյգ հատորներուն մէջ, որոշ նիւթեր ալ հրատարակեց բանասէր Էմմա Կոստանեան, մինչ միւսները կա՛մ մնացին անտիպ եւ կամ կորսուեցան ու փճացան տարիներու ընթացքին։
* * *
Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին Սրուանձտեանցի ուսումնասիրական գործունէութիւնը չէ սահմանափակուած միայն այսքանով։ Ան զբաղած է նաեւ կրօնական հաստատութիւններու եւ անհատներու մօտ պահուող հայերէն հին ձեռագիրներով ու անոնց յիշատակարաններով եւս։
Ան իր մեծարժէք «Թորոս Աղբար» երկին մէջ արձանագրած է իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին հանդիպած 549 հայերէն ձեռագիրներու մասին տուեալներ եւ մասնակի կամ ամբողջական ձեւով հրատարակած է բազմաթիւ յիշատակարաններ։ «Թորոս Աղբար»ի մէջ յիշուած ձեռագիրներուն եւ անոնց յիշատակարաններուն նուիրուած նորագոյն ուսումնասիրութեամբ մը, Մաշտոցեան Մատենադարանի գիտաշխատող Անուշ Սարգիսեան կրցած է ճշդել հոն յիշուած 549 ձեռագիրներէն 21-ին մերօրեայ հասցէները, մինչ մնացեալ 528 ձեռագիրներուն ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անյայտ, եւ հաւանական է, որ անոնցմէ շատեր կիսած ըլլան ճակատագիրը իրենց ժողովուրդին եւ անհետ կորած ու փճացած ըլլան Համիտեան կոտորածներու կամ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն2։ Եւ պիտի պատկերացնել թէ հայագիտութեան համար ինչպիսի անգնահատելի գործ կատարած է Սրուանձտեանց այդ կորած 528 ձեռագիրներու մասին գրելով ու անոնցմէ շատերուն յիշատակարանները հրատարակելով, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն փաստը, որ իրմէ ետք ո՛չ մէկ հայագէտ տեսած կամ անդրադարձած է այդ ձեռագիրներուն, այնպէս որ այդքան մեծաթիւ հայերէն ձեռագիրներու մասին մեր ունեցած եզակի տեղեկութիւնները կը  պարտինք Սրուանձտեանց Եպիսկոպոսին։
Ամփոփելով հաստատենք, որ իր ժողովուրդին անմնացորդ նուիրուած Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանցի՝ հայ մշակոյթին ըրած բազում ծառայութիւններէն մէկն ալ Արեւմտեան Հայաստանի ժողովրդագրութեան, տեղագրութեան եւ մշակութային արժէքներու ուսումնասիրման իր աշխատանքն է, որ այսօր կը ներկայանայ որպէս անփոխարինելի սկզբնաղբիւր կորսուած հայրենիքն ու անոր կորսուած մշակոյթը գիտականօրէն ուսումնասիրելու գործին մէջ։
—————————————————————————————————————————————–
1.- Ամփոփումն է 17 Նոյ. 2021-ին, Երեւանի մէջ, Սրուանձտեանցի նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին հեղինակի կարդացած զեկուցումին։
2.- Անուշ Սարգսեան, «Գիրք Փակեալ Կուռք Են». Գարեգին Սրուանձտեանցի ցուցակագրած ձեռագրերի հետքերով», E-SAS, 04.02.2020։
Միհրան Մինասեան