Սէրն յիսունէն ետք
Աւելի խաղաղ
Միագոյն կ’ըլլայ
Ինչպէս փոթորկոտ
Անձրեւաբեր քամիներէն ետք
Անտառի խորքը
Տիրող անդորրը
Միագոյն
Անձայն
Սէրն յիսունէն ետք
Աւելի խորունկ
Եւ շատ աւելի
Ռոմանթիկ կ’ըլլայ
Ռոմանթիկ
Յստակ
Ջինջ ու պարզեցուած
Խորը թափանցող
Բանաստեղծութեան
Տողերու նման
Սէրն յիսունէն ետք
Ովկիանոսներն
Ինքնավստահ եւ
Ծանրաշուք ճեղքող
Բեռնատար հսկայ նաւերու
Նման
Կը ճեղքէ կեանքի
Խորունկ ծովերն
Այդպէս բեռնուած
Յիշողութեան մեծ բեռնարկղերով
Կիրքի
Տառփանքի
Հիասթափութեան
Վերականգնումի
Սիրոյ փրկութեան լուռ պայքարներու
Մեծ հատորներով
Իսկ ինչքա՞ն սէրեր
Յիսուն չտեսած
Յիսուն չհատած
Կը սուզուին
Կ’երթան
Ջրամոյն կ’ըլլան
Գոյութեան արագ ընթացող
Հոսքի
Յատակներուն մէջ
Ինչպէս ընկղմող
Ջուրի տակ ննջող
Իրենց բեռներով
Եւ յիշողութեան երկաթ մկանով
Մեծ բեռնանաւեր
Որ վերջ ի վերջոյ
Պիտի որ դառնան
Ձկան բազմաթիւ
Անթիւ գունաւոր մեծ վտառներու
Տուն
Ապաստարան
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան