Մայր ժամանակի
Ամենակարող
Անտեսանելի սահող սլաքը
Եթէ կրնայի
Ես ետեւ տանիլ
Ես կը դառնայի
Աւելի չարուկ
Անկաշկանդ մանուկ
Դրացիներու
Տախտակ դռները
Ես կը թակէի
Եւ կը փախչէի
Կը թաքնուէի
Եւ արարքովս
Կը հրճուէի
Առաջին սիրով
Չէի տառապեր
Գիտակցելով որ
Ան անցողիկ չէ
Անհասանելի երազ մըն է ան
Բանաստեղծութիւնն
Աւելի յախուռն
Ես կ’ըմբոշխնէի
Քիչ կ’երազէի
Իրական կեանքով
Ես կը տարուէի
Աւելի առատ
Աւելի սրտանց
Կը հայհոյէի
Աստծոյ խորապէս
Կը հաւատայի
Մէկ-մէկ անունս
Ես կը մոռնայի
Անձրեւի տակ
Ես կը քալէի
Մինչեւ ոսկորս
Ես կը դողայի
Աւելի յաճախ
Կը հիւանդանայի
Որ մարմինս եւ չարացած հոգիս
Յղկէի եւ զսպէի
Իրար հակասող
Երկու բեւեռի սահմանագիծին
Փոքրիկ վրանս
Ես կը լարէի
Չդառնալու համար
Ոչ մէկին գերի
Քաղաքականութեամբ
Քիչ կը զբաղէի
Շատ կը խօսէի
Քիչ կը լռէի
Եւ ճարտարարուեստէն
Մեզի ընձեռուած
Նոր առիթներէն
Շատ կ’օգտուէի
Երբեք չէի փորձեր
Իւրայատուկ ձեւանալ
Այդ անհեթեթ դերը խաղալ
Զինավարժութեամբ
Ես կը զբաղէի
Որ թիրախներուն
Ճիշդ հարուածէի
Բայց ի՞նչ օգուտ
Հազար ափսոս
Ժամանակի սլաքներն
Ես այդպէս ալ
Չկրցայ փոխել
Եւ ետեւ շրջել
Մնացի նոյնը
Ես ինչպէս որ կամ…
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան