“Երկիր”._Թուրքիա կը նախատեսէ թռիչքներ սկսիլ դէպի Հայաստանի տարբեր շրջաններ, կը գրէ Hürriyet-ը։ Թրքական պարբերականին հաղորդումով, Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին մէջ քննարկումներ ծաւալած են դէպի Հայաստանի տարբեր շրջաններ թռիչքներ սկսելու մասին։ Քննարկումները շօշափած են Հայաստանի հետ առեւտրային յարաբերութիւններու ընդլայնումի հարցը։ «Որպէս առաջին քայլ՝ որոշուած է բանալ օդային կապը Հայաստանի հետ, այնուհետեւ օրակարգի վրայ պիտի դրուի դէպի այլ շրջաններ թռիչքներու հարցը։ Յատկապէս, Վանը կրնայ վերածուիլ հայերու զբօսաշրջութեան կեդրոնի։ Միեւնոյն ատեն նախատեսուած է վերականգնել որոշ պատմական կառոյցներ՝ Կարսի մօտը գտնուող կամուրջն ու շէնքերը, որոնց հայերը մեծ նշանակութիւն կու տան։ Հայկական սփիւռքի ճնշումը նուազեցնելու համար միաժամանակ պիտի ընդլայնուին առեւտրային յարաբերութիւնները», ըսած է թերթը։