Երեքշաբթի, 25 Յունուար 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2022-ի «3» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն համաներում պիտի շնորհուի նախքան 25 Յունուար 2022 դատապարտուած յանցագործներուն, ըլլան անոնք երկիրէն ներս, թէ դուրս։