Երեքշաբթի, 25 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, նախարարութեան յարկին տակ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի, Կարմիր Խաչի, Կարմիր Մահիկի եւ Սուրիական «Ալ Ամանա» Բարգաւաճման Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները արտակարգ ժողովի մը հրաւիրեց՝ քննարկելու համար Հասիչէի վտանգաւոր իրավիճակը, որ ստեղծուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի, ՔԱՍԱՏ-ի եւ ԱՄՆ-ի ուժերուն միջեւ բախումներու հետեւանքով։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հասիչէի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներուն հետեւանքով զոհեր, վիրաւորներ եւ ահաւոր քանդումներ կ՚արձանագրուին։ Աւելին. հազարաւոր ընտանիքներ լքելով իրենց տուները կ՚ուղղուին դէպի սուրիական պետութեան հսկողութեան տակ գտնուող ապահով շրջաններ։ Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելու Հասիչէի ժողովուրդին, յատկապէս երկրին մէջ տիրող ցուրտ կլիմային լոյսին տակ։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Հասիչէի իրավիճակը բարդացնողը արեւմտեան պետութիւններուն եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներն են։