Երեքշաբթի, 25 Յունուար 2022-ին, «Sham FM» ռատիոկայանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Հասիչէի «Զհուր» եւ «Սաքան Շապապի» թաղամասերու բնակիչները կը կալանաւորեն եւ զանոնք իբրեւ մարդկային վահաններ կ՚օգտագործեն, իսկ քրտական ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները յիշեալ երկու թաղամասերը ամբողջութեամբ պաշարած եւ բնակիչներուն ելքը կանխարգիլած են։ «Ղուէյրան» թաղամասի բնակիչները ջուրի եւ հացի տագնապ կը դիմագրաւեն։ ՔԱՍԱՏ-ի պարտադրած պաշարումին հետեւանքով անոնք իրենց առօրեայ անհրաժեշտ կարիքները չեն կրնար ապահովել։ Սուրիական կառավարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերով Հասիչէի բնակիչներուն օգնութիւններ կ՛ուղարկուին։