Թուրքիոյ խորհրդարանը (մեճլիս) վաւերացուցած է Ատրպէյճանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին «Շուշիի Հռչակագիրը»:
«Շուշիի հռչակագրի» վաւերացման նպատակայարմարութեան առնչուող օրինագիծը ներկայացուած էր խորհրդարանի նախագահ Մուստաֆա Շէնթոփի ստորագրութեամբ: Ան նախ ստացած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին կապերու յանձնաժողովի հաւանութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 15 Յունիս 2021-ին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ու Իլհամ Ալիեւի ստորագրած հռչակագիրին մէջ յղում կը կատարուէր նաեւ շուրջ 100 տարի առաջ ստորագրուած Կարսի պայմանագիրին: Այնտեղ կը շեշտուի, որ երկու երկիրները իրարու անհրաժեշտ օգնութիւն կը ցուցաբերեն երրորդ երկրի սպառնալիքի կամ յարձակման պարագային:
Կ’ընդգծուի, որ Թուրքիոյ նկատմամբ Հայաստանի «անհիմն պնդումները» կը վնասեն տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան: Կը  Նշուի, որ «Թուրքիան ու Ատրպէյճանը միացնող Զանգեզուրի միջանցքի բացումը եւ Նախիջեւան-Կարս երկաթուղին կը նպաստեն յարաբերութիւններու առաւել աշխուժացման»: