“Էրմէնիհապեր”.- Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ անոր մասին Ատրպէյճանի դիրքորոշումին։ Այդ հարցերուն մասին Չաւուշօղլուն խօսած է թրքական TRT-ին հետ ունեցած զրոյցին: Չաւուշօղլուն պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի մէջ կը վերաբերին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, պնդած է, թէ «Ատրպէյճանի մէջ որեւէ անհանգստութիւն չէ յառաջացուցած այն, ճիշդ հակառակը՝ Ատրպէյճան կ’աջակցի այս գործընթացին»։ Միաժամանակ ան նկատել տուած է, որ Թուրքիան առանց Ատրպէյճանի հետ համակարգելու, ոչինչ պիտի ընէ։ Չաւուշօղլուին խօսքին համաձայն, Ատրպէյճան կը նախընտրէ, որ Թուրքիան ու Հայաստանը յարաբերին առանց միջնորդներու: «Փաշինեան ընտրութիւններուն յաղթելէ վերջ կարեւոր ուղերձներ յղեց, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն ալ անոնց դրականօրէն արձագանգեց, այնուհետեւ յարաբերութիւններ տեղի ունեցան, նշանակուեցան յատուկ ներկայացուցիչներ, որոնք Մոսկուայի մէջ հանդիպեցան, Հիմա ալ 24 Փետրուարին Վիեննայի մէջ պիտի հանդիպին», ըսած էր Չաւուշօղլուն: Ան յայտնած է, որ թրքական կողմը կ’ուզէր, որ առաջին հանդիպումէն վերջ յատուկ ներկայացուցիչները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ հանդիպէին: «Բայց Հայաստան այս անգամ այդպէս փափաքեցաւ՝ հարց չէ: Այդքան ալ կարեւոր բան չէ», եզրափակած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի ղեկավարը: