Թուրքիոյ խորհրդարանի Իսթանպուլէն ընտրուած պատգամաւոր, ընդդիմադիր «ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (Ժհկ-CHP) անդամ Այքութ Էրտողտուն օրերս Twitter-ի իր էջին վրայ շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է Ատրպէյճանէն բնական կազի գնման գործընթացին մասին:
Անոր պնդումներուն արձագանգած է պաշտօնական Պաքուն:
Թուրք ընդդիմադիր պատգամաւորը, յղում կատարելով Թուրքիոյ հաշուեքննիչ դատարանի (Sayi’tay) զեկոյցներուն, ինչպէս եւ ելեկտրական մարզի փորձագէտներու բացայայտումներուն, պնդած է, որ Թուրքիա շուրջ 5 միլիառ տոլարի վնաս կրած է Ատրպէյճանի հետ 12 Մարտ 2001-ին կնքած պայմանագրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն հետեւանքով:Ան աւելցնելով ըսած է, որ փտածութիւնը առկայ է Ատրպէյճանէն բնական կազի գնման գործընթացին մէջ:
 Էրտողտու պնդած է նաեւ առաջ մղելու առ այն, որ Թուրքիա որեւէ առաւելութիւն չի ստանար Թրանս-անատոլիական կազամուղի ծրագիրէն (TANAP) եւ կարելի չէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ այդ ծրագրին համար պետութիւնը այդքան ներդրում կատարած է: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին, որ կազամուղի մրցոյթին յաղթած ընկերութիւններէն մէկուն՝ «TEKFEN»-ի բաժնետոմսերու 50 տոկոսը կը պատկանի նախապէս նաեւ Ատրպէյճանի պետական քարիւղային ընկերութեան (SOCAR) հետ աշխատած Միւփարիզ Մանսիմովին, որուն անունը վերջերս յաճախ կը հնչեցնէ հետախուզման մէջ գտնուող թուրք յանցաւոր հեղինակութիւն Սետաթ Փեքերը:
«Երբ մէկ կողմէ Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ կը շարունակուին այս կասկածելի յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ խոշորագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ «Petkim»-ի բաժնետոմսերուն 51 առ հարիւրը փոխանցուած է  «SOCAR»-ին… եւ այս փոխանցումէն ետք, «SOCAR» լուրջ առաւելութիւններ ստացած է», դիտել տուած է ԺՀԿ-ական գործիչը:
Էրտողտուի այս յայտարարութիւններուն կոշտ կերպով արձագանգած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Լէյլա Ապտուլաեւան: Ան յայտարարած է, որ Ատրպէյճան «անհիմն մեղադրանքներու» համար ներողութիւն կ’ակնկալէ ԺՀԿ-ական պատգամաւորէն: Ըստ անոր, այլապէս իրենց իրաւունք կը վերապահուի հարցը բարձրացնել իրաւական մակարդակի:
«Առաջին անգամ չէ, երբ ԺՀԿ որեւէ ներկայացուցիչ հակաատրպէյճանական դիրքորոշում կ’որդեգրէ եւ անհիմն մեղադրանքներով կը փորձէ խառնել իրադրութիւնը: Սակայն, այդ ջանքերը որեւէ արդիւնք պիտի չունենան, քանի որ հայամէտ քաղաքական գործիչներու ազդեցութիւնը չի կրնար ստուեր նետել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն վրայ», յայտարարած է Ապտուլաեւան: