“Արմէնփրէս”._Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է այն օրէնքը, որով վաւերացուած է թուրք-ատրպէյճանական զինուորական գործակցութեան մասին «Շուշիի Հռչակագիր»ը։ Նախօրէին թրքական խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած հռչակագիրին մասին հրամանագիր ստորագրած էր նաև Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան։ Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէն 15 Յունիս 2021_ին ստորագրուած հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ երկու երկիրները միատեղ պիտի գործեն երրորդ պետութեան կողմէ «սպառնալիքի կամ յարձակումի» պարագային։ Հռչակագիրին մէջ յիշուած է նաեւ, որ «կողմերը պիտի շարունակեն միատեղ ջանքերը՝ ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան երկու եղբայրական երկիրներու զինեալ ուժերուն արդիականացման համար»։