“Երկիր”._Հայաստան Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանին վերադարձուցած է դիերու մասունքներ։ Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովի աշխատանքային խումբի ղեկավար Էլմար Սամետով։ «Մասունքները դուրս բերուած են հիմնականօրէն ստորերկրեայ ջուրերու վայրերէն, հետեւաբար դժուար է անոնց մնացորդներէն ստանալ ծինային նմոյշներ: Վերջնական փուլով յստակօրէն տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրուի, թէ քանի աճիւն յանձնուած է», յայտնած է Սամետով: