Բրիտանական «Economist Intelligence Unit» հետազօտական եւ վերլուծական ընկերութիւնը ներկայացուցած է «ժողովրդավարութեան ինտեքս 2021» զեկոյցը, որուն մէջ 167 երկիրներու մէջ Թուրքիան յայտնուած է 103-րդ դիրքին վրայ եւ կրկին դասուած «բռնատիրական վարչակարգեր»ու շարքին:
Այս մասին կը յայտնէ «Deutsche Welle»-ի թրքերէն ծառայութիւնը:
Կը նշուի, որ 2020-ի համեմատութեամբ, այնուհանդերձ, Թուրքիան բարելաւած է իր տեղը 1 դիրքով:
Ըստ զեկոյցին՝ աշխարհի ամենաժողովրդավարական երկիրներն են՝ Նորվեկիան (9,75 կէտ), Նոր Զելանտիան (9,37 կէտ) եւ Ֆինլանտիան (9,27 կէտ): Ինտեքսը կ’եզրափակէ Աֆղանիստանը՝ 0,32 կէտով: