“Լրագիր”._ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսիոյ կողմէ Տոնեցքի ու Լուգանսքի ճանաչումին առնչութեամբ հրամանագիր ստորագրեց առաջին պատժամիջոցներու մասին։ ԱՄՆ նախագահը ըսաւ, որ պատժամիջոցները կ’առնչուին բոլոր այն անձերուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք կը գործեն Ուքրանիոյ այդ տարածքներուն մէջ։ Արեւմուտքի երկիրները եւ ՄԱԿ-ը դատապարտած են Ռուսիոյ որոշումը։ Շարք մը երկիրներ Ռուսիոյ կոչ ուղղած են յետս կոչելու ճանաչման որոշումը, յայտնելով, որ այդպիսով Մինսքի համաձայնութիւնները չեղեալ համարուած են։