“Երկիր”._Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը ԹԱՍՍ-ին յայտնած է, որ Մոսկուայի ԱՄՆ-ի դեսպանի տեղակալ Պարտ Գորման արտաքսուած է Ռուսիայէն: «Կը հաստատենք, որ Ռուսիա արտաքսած է ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան ղեկավարի տեղակալ Պարտ Գորմանը, որ կը հանդիսանար դեսպանատան երկրորդ դէմքը եւ անոր խումբի առանցքային աշխատակիցներէն մէկը», յայտնած են դեսպանատունէն։ Դեսպանատունէն ընդգծած են, որ ամերիկացի դիւանագէտներու արտաքսումը անհիմն կը համարեն: «Այժմ աւելի քան երբեւէ կարեւոր է, որ մեր երկիրները ունենան բաւարար քանակով անձնակազմ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ, որպէսզի նպաստեն մեր կառավարութիւններուն միջեւ երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու բարելաւման։ Ռուսիոյ գործողութիւնները յանգեցուցած են այն եզրին, որ այս պահուն Ռուսիոյ մէջ ամերիկեան առաքելութեան թուաքանակը զգալիօրէն աւելի քիչ է, քան ԱՄՆ-ի մէջ ռուսականը։ Մեր նպատակն է հասնիլ աւելի մեծ հաւասարութեան մեր առաքելութիւններու աշխատանքին մէջ», հաղորդած են դեսպանատունէն։