ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը եւ ՀՀԿ Երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւնները այսօր, 17 Մարտին բողոքի ցոյց իրականացուցած են ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին առջեւ։ Ցոյցի մասնակիցները յայտնած են, որ պէտք է ըլլալ միասնական, հանրային ճնշում բանեցնել իշխանութիւններուն վրայ՝ թոյլ չտալով, որ այս իշխանութիւնները ծառայեն թշնամիին, հակառակ պարագային այս ամէնուն հետեւանքը պիտի ըլլայ Հայաստան պետութեան չգոյութիւնը։ Անոնք իրենց հետ բերած էին պաստառներ, հետեւեալ գրառումներով՝ «Գտի՛ր թուրքը», «Ո՛չ թրքացումին», «Ո՛չ Արցախի հայաթափման»․․․