“Երկիր”._Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հաստատած է Ռուսիոյ աջակցութիւնը Անգարայի եւ Երեւանի ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն։ «Հայաստանի հետ որոշակի գործընթաց կայ. յատուկ ներկայացուցիչները իրենց առաջին շփումները իրականացուցած են այն պայմաններուն շնորհիւ, որոնք Ռուսիան ստեղծած է այստեղ՝ Մոսկուայի մէջ։ Նաեւ դիւանագիտական ֆորումով հաստատուեցան շատ լաւ շփումներ, երկխօսութիւն։ Ռուսիան մեզի ի սկզբանէ կ’աջակցէր, նաեւ՝ Ատրպէյճանը», ըսած է ան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լավրովի հետ բանակցութիւններէն վերջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին։ «Առաջին կարգին, եկէք ի սկզբանէ հրադադար ապահովենք, խաղաղութիւն հաստատենք, որպէսզի մեր տարածաշրջանը խաղաղ ըլլայ, եւ շարունակենք մեր բոլոր ջանքերը այս ուղղութեամբ», աւելցուցած է Չաւուշօղլուն։