Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ իր քաթարցի պաշտօնակիցին հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անհրաժեշտ համարեց միջազգային հանրութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւններու բազմապատկումը, որուն կողքին երկրի տնտեսական իրավիճակի բարելաւման առնչուող ծրագիրներու գործնականացման միջոցներու հայթայթումը։
Լաւրով շեշտեց Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման կարեւորութիւնը՝ ՄԱԿ-ի 2254 թուակիր որոշումին համաձայն։ Ան վերահաստատեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները պէտք է հեռու մնան քաղաքականացումէ եւ արդարօրէն բաշխուին։ Լաւրով աւելցուց, որ Մոսկուայի եւ Անթալիոյ մէջ Սուրիոյ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետրսընի հետ վերջին զոյգ հանդիպումներուն շեշտուած է Ժնեւի մէջ սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբի աշխատանքներուն խթանումը՝ առանց արտաքին միջամտութիւններու։