17 Մարտին Սուրիոյ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան այցելած է Սուրիոյ Խորհրդարան /Ժողովրդական Ժողով/ և հանդիպում ունեցած է ՍԱՀ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղի: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները երկուստեք ընդգծած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերն ու նշանակութիւնը երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններու առաւել խորացման ու զարգացման մէջ: ՀՀ դեսպանը նաև ընդգծած է, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը համարէ Սուրիոյ խորհրդարանիմ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն ու դատապարտումը, որոնք դարձան հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու համերաշխութեան մէկայլ վկայութիւն: Այս լոյսին ներքեւ, դեսպան Տ. Գէորգեան սուրիական կողմին է փոխանցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Սուրիա միջխորհրդարանական բերակամութեան խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեանի սոյն թուականի 24 Ապրիլին Հայաստան այցելելու մասին նամակ-հրաւէրը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են միջազգային և տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակ: Դեսպան Գէորգեան մանրամասնօրէն անդրադարձած է ատրպէյճանական կողմի պարբերական բնոյթ կրող սադրանքներուն եւ, մասնաւորապէս, Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ հրարելու վերջինիս քայլերուն: Դեսպանը Խորհրդարանի նախագահին տեղեկացուցած է նաև հայ-թրքական երկխօսութեան վերջին զարգացումներուն մասին: Համուտա Սապպաղ սիրով ընդունած է հրաւէրը եւ խոստացած է ամենակարճ ժամանակամիջոցին տեղեկացնել՝ Հայաստան պատուիրակութիւն գործուղելու որոշումը: