Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը Սուրիական Կարմիր Մահիկ Կազմակերպութեան Դամասկոսի մասնաճիւղի շտապ օգնութեան 10 ինքնաշարժ նուիրեց։
Օժանդակութեան տրամադրման ներկայ եղան Սուրիական Արաբական Կարմիր Մահիկ Կազմակերպութեան նախագահ Խալէտ Հպուպաթի եւ Սուրիոյ մէջ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Էքճիմալ Մակթիմովայի։
Տեղին է նշել, որ Սուրիական Կարմիր Մահիկին եւ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան միջեւ երկարամեայ գործակցութիւն արձանագրուած է։