Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ երեկոյեան ժամը 6:45-ին, Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Լիբանանի հիւսիսային շրջաններէն սուրիական «Մսիաֆ» շրջանին ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։