Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Անկախութեան տօնին առիթով, արաբական եւ եւրոպական երկիրներու նախագահներ շնորհաւորագրեր յղեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, մաղթելով Սուրիոյ յաղթանակ եւ բարգաւաճում։ Արդարեւ, նախագահ Ասատ շնորհաւորագիր ստացաւ Օմանի Սուլթանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Մորիթանիոյ նախագահներէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Պինկէն, Հնդկաստանի նախագահ Ռամ Նաս Քովենտէն, Քուրիոյ նախագահ Քիմ Եոնկ Ունէն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիէն, Հարաւային Ափրիկէի, Պելառուսի, Սերելանքայի, Թուրքմենիստանի, Թայլանտի եւ Մալիզիոյ նախագահներէն։ Նախագահ Ասատ շնորհաւորագիր ստացաւ նաեւ Վատիկանի մէջ Ֆրանչոսկոս Պապէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն։