Ապրիլ է. ամբողջ ազգով-տակով կրկին կ’իյնանք չապրուած, բայց արիւնով մեզի անցած յիշողութիւններուն գիրկը, կրկին կը տառապինք մարդկային անմարդկութեան ի տես, կրկին ցաւով կը հաստատենք, թէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» եւ անկարող բարկութեամբ մը կը մտածենք՝ տակաւին մինչեւ ե՞րբ, Տէ՛ր Աստուած:
Միւս կողմէ կը մտածեմ, թէ ի՛նչ կրցած ենք փրկել, աւելի ճիշդը՝ իրենք, Ջարդի սերունդը ի՞նչ կրցած է փրկել իր տունէն, հողէն, մանաւանդ մշակոյթէն:
Անշուշտ կարելի չէր որեւէ նիւթեղէն իր վերցնել, վերցնողներն ալ իրենց կեանքին համար նոյն այդ իրերով վճարած են յաճախ: Բացի քանի մը դէպքերէ, ինչպէս է «Մշոյ Ճառընտիր»ի պարագան, երբ հակառակ ծանրութեան, կարելի եղած է փրկել զայն, գրեթէ ոչինչ, կամ շատ փոքր տոկոս մը միայն կարելի եղած է փրկել մեր մշակութային իրերէն:
Բարեբախտաբար մշակոյթի աննիւթեղէն բաժինը շատ աւելի դիւրին եղած է փրկել. այդ «փրկուած»ներէն մէկն ալ մեր խոհանոցն է անշուշտ:
Երբ «մեր» կ’ըսեմ, անշուշտ որ հայկական խոհանոցը ըսել կ’ուզեմ, այդ խոհանոցին ամբողջութիւնը:
Հայկական խոհանոցը սակայն միաձեւ կամ միանման չէ, այլ կը տարբերի երկրէ երկիր. հոն ուր հայեր գաղթեր են, ստիպուած եղեր են համակերպիլ շատ երեւոյթներու կողքին նաեւ տեղական խոհանոցին հետ, մանաւանդ երբ մեր ուզած նիւթերը գրեթէ անգտանելի էին կարգ մը երկիրներու մէջ: Հայկական խոհանոցը տարբեր է նաեւ Հայաստանի մէջ:
Մեր «բարեսիրտ» դրացիները, ինչպէս ամէն բանի ուզած են տէր ելլել – յաճախ նաեւ յաջողելով – շարունակ ճիգ կը թափեն տէր դառնալ նաեւ հայկական խոհանոցին, որուն կերակրատեսակներուն մեծ մասը թրքական անուններ ունի:
Թէոդիկ, իր նշանաւոր «Ամէնուն Տարեցոյցը»-ի Ա. տարուան՝ 1907-ի հատորին մէջ այս մասին հաճելի գրութիւն մը ունի, «Գրական մրցում»  անուան տակ, ուր կը յիշէ սմբուկով ճաշերու 26 տեսակներ, բոլորն ալ թրքական անուններով եւ կ’ըսէ.
«Ասոնցմէ դուրս, մասնաւորներու ճաշակին համեմատ ուրիշ կերպ պատրաստուածներ թերեւս գտնուին: Մենք այս 26-ին ցուցակը միայն ներկայացնելով մեր ընթերցողներուն, կ’առաջարկենք ճարել կամ հնարել բոլորին ալ պատշաճ սիրուն հայերէն անունները (գաւառիկ յորջորջումներէն ալ օգտուելով, եթէ երբեք կան), պայմանաւ, որ բարդութեան օրինաց եւ ներդաշնակութեան դէմ մեղանչում չըլլան նորակերտ բառերը: Մինչեւ 1908 Ապրիլի սկիզբ՝ 26 բառերը լաւագոյն ստեղծողին ու տպագրատունս խրկողին պիտի նուիրենք օրինակ մը Մ. Նուպարեանի ֆրանսահայ գեղեցիկ Բառգիրքէն»:
(Կը տեսնէք, թէ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ հայերէնն ալ տարբեր էր մեր այսօրուան խօսածէն):
Ապա, ներկայացնելով ընթերցողներուն նոր ստեղծած եւ իրեն «խրկած» բառերը, կ’ըսէ.
«Վանէն Տիգրան Չիթճեանին ճաշացուցակն եթէ ոչ մրցանակի, գոնէ՝ մերձենակի արժանի կրնայ նկատուիլ: Յարգելի բանասէրը զանց էր  ըրած միայն հինգ կերակուր»: Յետոյ կը ներկայացնէ նոր բառերը, որոնցմէ աստղանիշ կրողները, կ’ըսէ, «գաւառիկ յորջորջում» են, այսինքն գաւառական բառեր են, հաւանաբար բարբառներու մէջ օգտագործուող.
Բիլաւով սմբկեղինձ
Բիւռէ (կաթով) սմբկալափ
Էկռաթօն (ճիշդը՝ gratin) հացամոք
Թավա տապկած*
Թավա (մածունով) մածնէ տապկած*, մածնամպաճ
Թիւրլիւ պէսամպաճ, ջբուռ*
Թուրշի թթուուտ
Չօբ քէպապի խիլխորով*
Պայըլտը ուշքաթափ*
Պէօրէք (հաւկիթով) սմբկածաղ
Պէօրէք (մաքարոնով) ծաղդդմաճ սմբուկով
Տօլմա (բրինձով) սմբկալիցք
Րէչէլ (ռուբով) սմբկանոյշ
Քարնը եարըք սմբուկի փորբաց
Քէպապ (սալաթա) սմբկաղցան
Քըզարթմա սմբկախորով
Օթուրթմա տուտուզիկ*
Կը կարդանք այս ոչ ամբողջական ցանկը եւ կը մտածենք՝ բայց ինչո՞ւ այս անունները տարածում չեն գտած մեր մէջ, օրինակ սմբկեղինձը, սմբկալափը, սմբուկի փորբացը, կամ ուշքաթափը, սմբկաղցանն ու սմբկախորովը, բոլորն ալ  բաւական հաճելի անուններ …
Կը մտածենք եւ տխրութեամբ կը հաստատենք, որ իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդ մը յաճախ ուշադիր չըլլար լեզուին, որովհետեւ հողը կայ, որուն վրայ ինք ամուր ոտքերով հաստատուած է, մինչ Սփիւռքի մէջ, օրինակ, մեր լեզուն դարձած է հող, որուն վրայ կը փորձենք հաստատուն կենալ, մեր ինքնութիւնը հաստատել: Այս է պատճառը, որ մեզմէ շատ շատեր անկախութեան սկիզբի տարիներուն զարմանքով դիտեցին հայրենի ժողովուրդին անփութութիւնը լեզուին հանդէպ: Ի վերջոյ Արեւմտահայաստանը մեր երկիրն էր, մեր պապենական հողերն էին, եւ եթէ մեր կերակուրներուն անունները թրքերէն էին, ատիկա ոչինչ կը փոխէր իրականութենէն:
Այսօր սակայն անզօր բարկութեամբ կը դիտենք, թէ ինչպէ՛ս վստահելով այդ անուններուն, մեր ճաշատեսակներն իսկ կը խլուին մեզմէ եւ կը դառնան «իրենցը»:
Վերջերս սակայն Երեւանի կարգ մը ճաշարաններ, ինչպէս «Պրիոշ» սրճարանն ու «Լուսիկ Ագուլեցի» տուն թանգարանին սրճարան-ճաշարանը, սկսած են հայկական անուններով իսկական հայկական ճաշատեսակներ հրամցնել, բաներ, որոնք ամբողջովին նորութիւն են մեզի համար, որովհետեւ վաղուց դուրս ինկած են մեր առօրեայ ճաշատեսակներու ցանկէն:
Մխիթարեան հմուտ պատմագէտ Հայր Վարդան Հացունիի բազմաթիւ հեղինակութիւններէն մէկը շատ հետաքրքրական է՝ «Ճաշեր եւ Խնճոյք Հին Հայաստանի Մէջ», Ս. Ղազար մայրավանքը տպուած, 1912 թուականին:
Գիրքը կը սկսի շտեմարան-ամբար-մառան բառերէն՝ առաջինը՝ ընդհանուր պարէնի համար, երկրորդը՝ արմտիքի, իսկ երրորդը՝ միայն գինիի յատուկ. դժբախտաբար սակայն այսօր այս բառերը կորսնցուցած են իրեն իմաստի նուրբ տարբերութիւնները. մնացեր է մառանը, այն ալ միայն կարգ մը գաղութներու մէջ գործածուող:
Այս գիրքը հսկայ շտեմարան մըն է մեր տոհմիկ աւանդութիւններուն եւ իր ծածքին տակ կը պահէ ոչ միայն անունները զուտ հայկական ճաշատեսակներուն, այլ նաեւ կ’ըսէ անոնց պատրաստութեան եղանակն ու ճաշակելու ե՛րբ յարմար ըլլալը. օրինակ գլուխ մը յատկացուած է պարզ մահկանացուներու ճաշերուն, այլ գլուխ մը՝ վանականներու ընթրիքին, ուրիշ մը՝ պահոցի եւ ուտիքի օրերու տարբեր ճաշատեսակներու մասին է եւ այլն:
Հակառակ իր խիստ հետաքրքրական ըլլալուն, այս աշխատասիրութիւնը այսօր մոռացութեան մատնուած է:
Այս բոլորը կ’ըսուի եւ կը գրուի միայն ու միայն յիշեցնելու համար, թէ որքա՜ն դիւրացած է մեզմէ մեր աննիւթեղէն մշակոյթն իսկ խլելը, սկսելով մեր լեզուէն, հասնելու համար մեր խոհանոցին:
Անդրադառնալը թերեւս սկիզբ մը կ’ըլլայ մեր մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ շատ աւելի գուրգուրանք դրսեւորելու:
Մարուշ Երամեան