Արդէն Ապրիլ ամիսն ենք եւ «շնորհիւ» արագավազ իր օրերուն, շուտով կը հասնինք անոր 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման թուականին, որ  մեզի՝ հայերուս համար երկրի եւ երկնքի վիշտն է: Այս թուականին, ամէն տարի, տեսակ մը ծանր շունչ ու հով կը փչէ մեր յիշողութեան վրայ:
Ազգովին երկար կը մտածենք եւ նոյնքան ալ կը յիշենք: Տակաւին մեզմէ շատ քիչեր ալ կը վերյիշեն, որ 107 տարի առաջ մեզի, մեր պապենական երկրէն, տուներէն եւ հողերէն դուրս դրին: Մեզ կոտորեցին, աքսորեցին: Ֆիզիքական շատ ծանր տառապանքներ կրեցինք ու միլիոն ու կէս նահատակ տուինք: Ենթարկուեցանք անմարդկային ամէն տեսակի ցնցումներու:
Ահա մեր ճակատագիրը:
Ու այս բոլոր բռնութիւններէն, ջարդերէն, զանազան բանակներու դաժան ներխուժումներէ ետք, տոկացինք ու տարիներ ետք, սթափելով, լոյս աչքով աշխարհի մայրաքաղաքներու հրապարակներուն վրայ, իբրեւ արդար բռունցք, մեր երիտասարդ մարտիկներու արիւնով եւ կամքով արդարութիւն պահանջեցինք:
Տակաւին բոլորին մտքերուն մէջ թարմ է Արցախեան երկու պատերազմերն ու անոնց արդիւնքը: Յաղթանակ, սուգ, աւեր, փլատակ, գաղթ, պապենական հողերու բռնագրաւում: Մնացեալը բոլորս ալ գիտենք:
Չեմ կարծեր, որ աշխարհի վրայ մեզի չափ տառապած ժողովուրդ կա՞յ: Այլ խօսքով, ո՛չ ոք մեզի չափ տքնած է: Ո՛չ ոք մեզի չափ տեսած ու համտեսած է պատմութեան դառն ու լեղին եւ մանաւանդ աշխարհի անտարբերութիւնը եւ արդարութեան բացակայութիւնը: Մինչեւ այսօր ալ աշխարհը միայն չոր «բերանով» կը խօսի մեր մասին: Այս օրերուն երկար կը մտածենք, թէ ի՞նչ անուն կրնանք տալ այս բոլոր արարքներուն:
Եւ ահա՛, Ուքրանիա, իսկ անդին իրմէ առաջ՝ Արցախ: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ:
Արդէն երկու եւ աւելի ամիսներէ ի վեր այդ Ուքրանիան գրեթէ քար ու քանդ եղած է: Ուքրանացին դրացի երկիրներ ապաստանած է: Սուգ, մահ եւ աւեր ամբողջ իր հողատարածքին: Չմոռնանք, որ նման ռումբերու եւ «Աթս»ներու հարուածներու լաւապէս ծանօթ ենք: Անոնցմէ կրած ենք նաեւ տառապանքի մեծ բաժինը: Մեզի համար նորութիւններ չեն…:
Բայց նորութիւնը այն է, որ ամէն օր եւ քսանչորս ժամ կը տեսնենք, կը լսենք այս երկրին իրավիճակին մասին, որ դարձած է կամ դարձուցած են աշխարհի ուշադրութեան գլխաւոր կիզակէտը: Ձայնասփիւռ կամ հեռատեսիլ, «Այ ֆօն» կամ «Այ Բատ» միայն Ուքրանիոյ մասին կը խօսին, անոր համար կ’երգեն, կը նուագեն կը հանգանակեն:
Տակաւին այս բոլորին վրայ ի նպաստ Ուքրանիոյ տեղի կ’ունենայ անհաւատալի ու նոյնքան ալ նախանձելի հանգանակութիւններու արշաւ մը:
Այսպէս, անհամար նիւթաբարոյական օգնութիւններ, նպաստներ, զէնքերու եւ զինամթերքի արագ եւ անհաշիւ մատակարարում:
Երբեմն դո՛ւն քեզի կը մտածես, ըսելով թէ երանի՜ մենք ալ ուքրանացի ըլլայինք. շատ հաւանաբար մեր ժողովուրդի եւ երկրի ճակատագիրը տարբեր իրավիճակ պիտի ստանար:
Ծիծաղելի է այս մտայնութիւնը: Խակ տրամաբանութիւն:
Մենք ո՜ւր, ուքրանացին ուր: Մտածելու ենք:
Մենք միշտ զոհ ենք եղած: Վեց հարիւր տարի՝ որբ մնացած ենք, ու երկար սպասած՝ մարդկային «արդարութիւն» կոչուած հաստատումին: Անոր համար անիծած ենք մեր լոյսը, մեր ճակատագիրն ու մեր տեսակը:
Յաճախ մուրացկանի նայուածքով ուրիշներու կարեկցանքը որոնած ենք: Գութի եւ յոյսի մուրացկաններ դարձած:
Թափառած ենք երկրէ երկիր: Մնացած ու մանաւանդ երկար սպասած ենք մեծ պետութիւններու դռներուն ու այս իսկ պատճառով դարձած անոնց ձեռքի խաղալիքը: Ամէն օր Աստուած եւ արդարութիւն փնտռած ենք, սակայն ո՛չ ոք կոչուած է փրկելու մեզ: Ո՛չ մէկը մտահոգ է մեր փոքր ածուին ճակատագիրով: Ընդհակառակը՝ կ’ուզեն կլանել մեզ, կ’ուզեն եւ կը փորձեն կրճատել մեր կարողականութիւնը, մեր տեսակն ու արիւնը:
Իսկ այս օրերուն՝ Ուքրանիան եւ ուքրանացին: Ո՛չ մէկ բաղդատական կամ նմանութիւն:
Թէեւ մեր երկրի պատմութիւնը թուրով եւ կրակով շաղախուած է, բայց մեր երկինքն ու անհունը կանգնած են մեր լեռներու կատարներուն:
Արցախ եւ Ուքրանիա: Շատ նմանութիւն եւ նոյնքան ալ՝ ոչ մէկ նմանութիւն…:
Աշխարհը, ուր կ’ապրինք, ամէն օր կը փոխուի: Ու անհամբեր ամէն օր կը սպասենք, որ գոնէ ձեւով մը մենք ալ իբրեւ ազգ օգտուինք կամ մեզի ալ բաժին իյնայ անոր դրական փոփոխութիւններէն:
Մեր տոհմիկ յատկանիշներու ներշնչումով է, որ կը շարադրուի մեր պատմութիւնը:
Կը հաւատամ, որ անկախ հայրենիքը մեծ հրաշքներ կրնայ գործել այս մարզէն ներս…եթէ իր ազգային ջիղը առողջ եւ կենդանի պահէ…:
Պահը հասած է հասկնալու համար, թէ ան, որ չունի ինքնապաշտպանութեան կամք, կորով, միջոց, նաեւ չունի իրաւունքներու տէրը դառնալու «ախորժակ» եւ կամ պատրաստակամութիւն, պիտի զրկուի խաղաղութեան ձիթենիէն: Այնպէս կ’երեւի, թէ մենք պարզապէս կը պայքարինք ճշմարտութեան մը համար: Ու այս մէկը մեզի ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնէ: Որովհետեւ…:
Տակաւին կ’ապրինք հայ ըլլալու դժուար եւ սակայն հաճելի փորձառութիւնը: Մեր ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին սորված է տառապանքի լեզուն եւ սակայն միաժամանակ իբրեւ հաւաքական ապրում եւ ոգեւորութիւն ժառանգած է արիութեան գաղափարը ու իր ծարաւ հոգիով երազներ հիւսած:
Արդեօ՞ք այս մէկը մոռցած ենք: Չեմ կարծեր: Բայց լրջօրէն մտածել եւ գործել է պէտք:
Գէորգ Պետիկեան