Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան վերջին հանգրուանի՝ Աւագ Շաբաթուան նուիրուած եկեղեցական արարողութիւնները, մեծ խորհուրդ եւ պատգամ կը փոխանցեն հաւատացեալներուն։
 
Աւագ Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան նախագահեց Քրիստոսի մատնութեան եւ ձերբակալութեան նուիրուած «Կարգ Չարչարանաց» արարողութեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեան:
 
Արարողութեան հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեցին՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. բժ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի եւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որոնք խորհրդաւոր շարականներուն ընդմէջէն աստուածային օրհնութեամբ համակեցին հաւատացեալներուն հոգիները:
 
Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ ընթերցուեցան եօթ Աւետարաններ: «Փառք Ի Բարձունս»-ի պահուն, եկեղեցւոյ ջահերը մարեցան։ Երգեհոնի եւ ջութակի ընկերակցութեամբ երգուեցաւ «Ուր Ես Մայր Իմ» սրտառուչ տաղը, որ յուզմունք պատճառեց հաւատացեալներուն։
 
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան պատգամը։ Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոս ընտրելով խաչելութեան ճանապարհը՝ Հօր Աստուծոյ նկատմամբ Իր գերագոյն սէրը արտայայտեց եւ ազգեր ու ժողովուրդներ Աստուծոյ մօտենալու հրաւիրեց:
 
Քրիստոսի մատնութեան եւ ձերբակալութեան մասին խօսելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոս Իր աշակերտին կողմէ մատնուեցաւ, աշակերտներուն կողմէ լքուեցաւ, ձերբակալուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ:
 
Սուրբ Խաչին զօրութեան անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Խաչը մեզի համար դարձաւ Աստուծոյ գերագոյն զօրութեան խորհրդանիշը: «Քրիստոս մեր փոխարէն խաչը կրեց եւ աշխարհ գալով փրկեց մարդը», աւելցուց ան: Հետեւաբար, Յիսուս մեղաւորներուն հետ խաչուեցաւ եւ Խաչին վրայ ջնջեց մեր բոլոր մեղքերը:
«Խաչը մաքրութեան, յաղթութեան եւ կեանքի նշան է: Բոլոր անոնք, որոնք խաչին կը մօտենան հաւատքով եւ մաքուր սրտով՝ զԱստուած կը տեսնեն եւ Արարիչին կը միանան», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
 
Մասիս Եպիսկոպոս կեանքի դժուարութիւններուն դէմ պայքարելու համար հաւատացեալներուն պատուիրեց, որ խաչը եւ խաչեալ Քրիստոսը կենդանի պահեն իրենց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, մաղթելով, որ Քրիստոսի սուրբ Խաչը պահէ ու պահպանէ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ բժշկէ մեր ցաւերը: