Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 19 Ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի սկիզբը յայտարարեց, որ իրենք Արցախի անվտանգութեան առնչուած հարցեր եւ այնտեղ տիրող կացութիւնը պիտի քննարկեն:

«Ի հարկէ, մեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան անվտանգութեան հարցերը, ներառեալ Ղարաբաղի հարցը: Շատ խնդիրներ մնացած են, համաձայն եմ ձեզի հետ: Մենք անընդհատ կապի մէջ ենք, ամէն շաբաթ կամ 10 օրը անգամ մը հեռաձայնով կը խօսինք: Իսկ հանդիպումները պարբերական են` հակառակ համաճարակին:

Ես շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելուս համար», ըսաւ Փութին: Ան նշեց, որ Փաշինեանի այցելութիւնը նուիրուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին: «Կը նախատեսուի շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրում` բաւական ամուր հիմերու վրայ. մենք նախորդ տարիներուն մեր իրաւական յարաբերութիւններուն հիման վրայ 200 փաստաթուղթ ստորագրած ենք, եւ ատիկա գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու համար լաւ կարելիութիւն կը ստեղծէ:

«Յառաջատարներէն մէկը, ի հարկէ, տնտեսութիւնն է: 2021 թուականին մեր աճը, ըստ վիճակագրութեան, եղած է 80 առ հարիւր: Իսկ այս տարուան առաջին ամիսներուն` յաւելեալ 50 առ հարիւր: Ասիկա շատ լաւ ցուցանիշ է յատկապէս մեր ժամանակներուն»: Երկու երկիրներուն ղեկավարները, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ հաստատած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ ներուժի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը` անոր միջազգային իրաւագիրին համապատասխան:

Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումէն ետք հրապարակուած երկկողմանի յայտարարութեան համաձայն, կողմերը պայմանաւորուած են, ըստ 26 Նոյեմբեր 2021-ի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն, արագացնել հայ-ատրպէյճանական սահմանի շրջանին սահմանազատման եւ անվտանգութեան հարցերով երկկողմանի յանձնախումբի ստեղծումը` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հանդիպումի ընթացքին կողմերը ողջունած են Ռուսիոյ աջակցութեամբ մեկնարկած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: «Կողմերը նշեցին «3+3» շրջանային խորհրդատուական ձեւաչափի յաջող մեկնարկը, որ կոչուած է տրամադրել լրացուցիչ կարելիութիւններ շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան յառաջ մղման եւ բազմածրագրային համագործակցութեան համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդունած է 2022-ի երկրորդ կէսին` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին առնչուած, Հայաստան այցելելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրը: